Ուրբաթ 13, Յունիս 2025
ԳՈՐԻՍԻ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ
Երեւան-Փարիզ համագործակցութեան տեսակէտէ երէկ յատկանշական իրադարձութիւններ տեղի ունեցան Գորիսի մէջ։ Այսպէս, Ֆրանսայի պատուոյ հիւպատոսութեան գրասենեակին բացումը հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Գորիսի մէջ, ուր, միեւնոյն ժամանակ, կազմակերպուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան համաժողովը, որ հինգերորդն էր իր նմաններու շարքին։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան հաւաքոյթի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը՝ ընդգծելով, որ Երեւանի եւ Պաքուի բոլոր մտահոգութիւններու հասցէագրման ամենակարճ ճանապարհն է խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը։
Իր կարգին, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին ալ նշեց, որ Գորիսէ ներս Ֆրանսայի ներկայութիւնը կը համարուի նշանակալի։
Երեքշաբթի, Յունիս 3, 2025