30 ՕԳՈՍՏՈՍ. ՄԵԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԸ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԱՐԴԱՐ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ ոգեւորութեամբ, արդար հպարտութեամբ ու աւանդական շուքով այս շաբաթավերջին կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակը ճակատարագրային նշանակութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան ճանապարհին։ Այդ յաղթանակի ոգին միշտ մնաց արծարծուած եւ դարձաւ հասարակաց յայտարար մը՝ Հանրապետութեան դարաւոր գոյութեան, նուաճումներուն եւ յառաջընթացին, վերելքին ու զարգացման տեսակէտէ։

30 Օգոստոսի Մեծ յաղթանակի տօնին ամբողջ երկիրը այս շաբաթաերջին հերթական անգամ երանութեամբ եւ անսահման երախտագիտութեամբ կը վերյիշէ Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքն ու լծակից ընկերները։ Տօնը նաեւ առիթ դարձած է, որպէսզի ամբողջ Թուրքիան ամրապնդուի այն գիտակցութեան մէջ, թէ երկրի ամբողջականութեան ու միասնականութեան պահպանման ճանապարհին բաժին կը վիճակի իւրաքանչիւր քաղաքացիին։ Արդարեւ, միայն այս համատարած պատասխանատուութեան գիտակցութեան շնորհիւ կենսունակ կը մնայ մեծ յաղթանակի ոգին, որ ժամանակներու մէջ պետութիւնը յաւերժացնելու հիմնական գրաւականն է։ Երկրի ներկայ օրակարգի առաջնահերթութիւններն ալ արդէն համահունչ են այս հանգամանքին։

30 Օգոստոսի իմաստը կը բիւրեղանայ նաեւ՝ պաշտպանական արդիւնաբերական բնագաւառէն ներս Թուրքիոյ կողմէ արձանագրուած մեծ ոստումով։

Մեծ յաղթանակի տարեդարձին առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ պետական աւագանիի միւս դէմքերը հրապարակած են մասնաւոր տօնական պատգամներ։ Նախագահ Էրտողան երախտագիտութեամբ ոգեկոչած է Մեծ յաղթանակի հրամանատար Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքն ու զինակից ընկերները։

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2026