ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւն, որուն վրայ լարուած էր ամբողջ միջազգային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը։ Ըստ սկզբնական արդիւնքներու վերաբերեալ հաղորդումներուն՝ երկրի վարչապետ Պենիամին Նեթանյահուի կողմէ գլխաւորուած «Լիքուտ» կուսակցութիւնը քուէարկութենէն դուրս եկաւ առաջին դիրքի վրայ։ Յամենայնդէպս, այս պահու դրութեամբ սա չ՚ենթադրեր, որ Նեթանյահու պիտի կարողանայ շարունակել իր իշխանութիւնը։ Արդարեւ, «Լիքուտ»ի գլխաւորած պլոքը անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը չկրցաւ կազմել Քնեսեթէն ներս։

Իսրայէլի խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն ապահովելու համար անհրաժեշտ է 61 աթոռ։ Նեթանյահուի ընդդիմադիրներուն պլոքը արդէն աւելի շատ թիւով երեսփոխան մտցնել յաջողած է խորհրդարան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2026