ԱՄՐԱՊՆԴԵԼ ԿԱՊԵՐԸ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սեմ Սիմոնեան վերջերս այցելեց Գանատա։ Ան պաշտօնը ստանձնելէ ի վեր հետամուտ է հայկական համայնքներու եւ ՀԲԸՄ-ի աշխարհացրիւ մասնաճիւղերու հետ կապերը ամրապնդելու։ Սեմ Սիմոնեան Գանատայի մէջ այցելեց Մոնրէալ եւ Թորոնթօ։ Բացի իր կողակցէն՝ Սիլվա Սիմոնեանէն, ուղեւորութեան ընթացքին Սեմ Սիմոնեանին ընկերացան ՀԲԸՄ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդէն Էլի Աքիլեան, կեդրոնական վարչութեան փոխ-նախագահ Եդուարդ Զօրեան, գանձապետ Նազարէթ Ֆէսթէքճեան, անդամուհիներէն Լենա Սարգիսեան, ելմտական տնօրէն Մարք Կիթլէն եւ կեդրոնական վարչութեան վարչական տնօրէնուհի Նաթալի Գաբրիէլեան։
Մոնրէալի մէջ Սեմ Սիմոնեան այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Ալեք Մանուկեան» վարժարան։ Կեցութեան ընթացքին իրեն ուղեկցեցան ՀԲԸՄ-ի Մոնրէալի մասնաճիւղի նախագահ Շահէ Թանաշեան եւ գործակից ընկերները։ Սա Գանատայի մէջ հիմնուած առաջին հայկական դպրոցն է, որ ներկայիս ունի 465 աշակերտ։ Այցելութիւնը զուգադիպեցաւ դպրոցի 55-ամեակին։ Սեմ Սիմոնեանի այցին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական համերգին մասնակցեցաւ նաեւ Գանատայի հայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան։ Բացի դպրոցէն, Սեմ Սիմոնեան եւ ընկերակիցները այցելեցին նաեւ Մոնրէալի այն միւս կառոյցները, որոնք ՀԲԸՄ-ի հովանիին տակ կը գործեն։
Թորոնթոյի մէջ ալ Սեմ Սիմոնեան հիւրընկալուեցաւ՝ գլխաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի տեղւոյն մասնաճիւղի համանախագահներուն՝ Քնար Պասմաճեանի եւ Միհրան Եկաւեանի։ Ան առիթն ունեցաւ նաեւ տեսակցելու Հայաստանի դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի հետ։
Ուղեւորութեան աւարտին Սեմ Սիմոնեան նշեց, որ ունեցած է վառ տպաւորութիւններ։