ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴՐՕՇՆԵՐՈՒ ՀՐԿԻԶՈՒՄԸ
24 Ապրիլի առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը այս առաւօտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ։ Պետական աւագանիի անդամները յուշահամալիրին մօտ ծաղկեպսակներ զետեղեցին ու ծաղիկներ խոնարհեցին անմար կրակին առջեւ։ Յարգանքի այցելութենէն վերջ, պետական աւագանին շրջեցաւ յուշահամալիրի յարակից թանգարան-կաճառէն ներս բացուած նոր ցուցադրութիւնը։
Երեւանի մէջ ոգեկոչումները սկսան երէկ երեկոյեան ժամերուն։ Մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակէն տեղի ունեցաւ աւանդական ջահերով երթը մինչեւ Ծիծեռնակաբերդ։ Մինչ այդ, հրկիզուեցաւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշակները։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դատապարտեց այս երեւոյթը՝ շեշտելով, որ սա սադրիչ ու հրահրիչ գործելակերպ մըն է։
Վարչապետ Փաշինեան 24 Ապրիլի առթիւ հրապարակեց նաեւ պատգամ մը, զոր նոյնութեամբ կը հրատարակենք ստորեւ։
*
Սիրելի ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան սիրելի քաղաքացիներ,
Այսօր մենք կ՚ոգեկոչենք Մեծ եղեռնի՝ Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը։ Անոնք զոհ գացին 1915 թուականէն սկսեալ ահագնացած կոտորածներու եւ զանգուածային տեղահանութիւններու։
Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին շրջանին տեղի ունեցած այդ իրադարձութիւնները խոր հետք թողած են իւրաքանչիւր հայու հոգիի եւ գիտակցութեան մէջ, Հայաստանի շատ մը քաղաքացիներու համար ցեղասպանութիւնը ո՛չ միայն ազգային, այլեւ ընտանեկան, անձնական ողբերգութիւն է։
Այս ողբերգութիւնը վերապրիլը վերջին աւելի քան մէկդարեայ մեր ազգային օրակարգի առանցքային հարցերէն է՝ անկախ ան բանէն, թէ որքանով ձեւակերպուած եղած է, որպէս այդպիսին։
Այս օրակարգի շուրջ կառավարութեան եւ անձանմբ իմ մտորումներն ու մտածումները կը յանգին հետեւեալին. զարգացած, ինքնիշխան, անվտանգ, այսինքն՝ սահմանազատուած ու սահմանագծուած սահմաններով Հայաստանի Հանրապետութիւնն է Մեծ եղեռնի ողբերգութիւնը վերապրելու միջոցը, մեր ժողովուրդի բոլոր զոհողութիւններուն ու զոհերուն նկատմամբ մեր հաւատարմութեան առհաւատչեան։
Պետութիւն եւ պետական շահեր, միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքով, հարեւաններու հետ կարգաւորուած յարաբերութիւններով, բաց սահմաններով, խաղաղութիւն, աշխատանք, բարեկեցութիւն եւ պաշտպանուած քաղաքացի. ահա թէ ինչը, ովքեր եւ ինչպէս վառ պիտի պահեն Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակը, ահա թէ ինչպէս պէտք է վերապրինք Մեծ եղեռնի ողբերգութիւնը։
Սիրելի ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան սիրելի քաղաքացիներ,
Մենք այս ճանապարհով կ՚երթանք, որովհետեւ այսպէս կը վերծանենք այս ուղերձը, որ մեզի կը յղէ պատմութիւնը, այսպէս կը վերծանենք ձեզմէ իւրաքանչիւրի, Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացիի սրտի տրոփը, որ չի հեռարձակուիր որեւէ հեռուստատեսութեամբ, չ՚արտայայտուիր որեւէ ընկերային ցանցի վրայ, բայց լսելի է ձեր քուէով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ձեւաւորուած կառավարող մեծամասնութեան, լսելի է անձամբ ինձ։
Այս ճանապարհով երթալը լաւատեսութեան կամ յոռետեսութեան հարց չէ, այլ առաքելութեան՝ ապահովելու Հայաստանի Հանրապետութեան, մեր հայրենիք-պետութեան յարատեւութիւնը եւ անցնելով դաժան փորձութիւններու ու ողբերգութիւններու ընդմէջէն՝ մենք վաստակած ենք այդ հնարաւորութիւնը եւ հնարաւորութիւնը բաց պիտի չթողուի։ Ու համոզուած եմ, մենք՝ ժողովուրդն ու անոր ընտրած կառավարող խումբը, բաց չենք թողեր այս հնարաւորութիւնը յանուն մեր նահատակներու եւ յանուն մեր սերունդներու։
Փա՛ռք նահատակներուն եւ կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
*
Բացի վարչապետի պատգամէն, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ 24 Ապրիլի առթիւ։ «Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին շրջանին հայ ժողովուրդի զգալի հատուած մը բնաջնջուեցաւ իր ազգային պատկանելիութեան հիմքով», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ՝ շեշտելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր կը յիշէ անցեալը ու կը նայի ապագային՝ ձգտելով գալիք սերունդներուն համար կառուցել բռնութենէ զերծ, խաղաղութեան արժէքներու վրայ հիմնուած միջավայր մը։