Ուրբաթ 25, Ապրիլ 2025
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՍ Ա. ՊԱՊԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին այս շաբաթավերջին հրաժեշտ պիտի տայ նորոգ վախճանեան Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ալ պիտի մասնակցի Քահանայապետի յուղարկաւորութեան, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, ապրիլի 26-ին։
Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ եւս այժմէն տեղեկացուցած են իրենց մասնակցութեան մասին՝ ներառեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ այլն, այլ հոգեւոր պետերու առընթեր։
Վատիկանէ ներս ընթացքի մէջ են նաեւ Քոնքլաւի գումարման պատրաստութիւնները՝ Սուրբ Աթոռի յաջորդ՝ 267-րդ գահակալը ընտրելու համար։
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025