Ուրբաթ 25, Ապրիլ 2025
ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի ղեկավարութիւնը յաջորդ շաբթուան սկիզբին պիտի հիւրընկալէ Վրաստանի նախագահ Միխէյիլ Քաւելաշվիլին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։ Ապրիլի 28-29-ին տեղի պիտի ունենան իր շփումները։ Քաւելաշվիլի պիտի ընդունուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
Հիւր ղեկավարը պիտի այցելէ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր պիտի ընդունուի Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025