ՏԱՐԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆԴԻՄԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վարչապետը հանդիպման ընթացքին ողջունեց հիւր նախարարը եւ անդրադարձաւ Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններու ներկայ ընթացքին։ Իր կարգին, Սերկէյ Լաւրով շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար՝ ընդգծելով Ռուսաստանի պատրաստակամութիւնը զարգացնելու համար յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։

Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ռուսաստան երկկողմանի օրակարգին, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) շրջանակներէն ներս համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ 

Լաւրով, որ աւարտեց Երեւանի շփումները, կեցութեան ընթացքին ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի կողմէ։ Հայաստանէ վերադարձին, ան այս շաբաթավերջին արդէն պիտի հիւրընկալէ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը։ Երեւան այցելութեան ընթացքին Լաւրովի ընկերակից պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին։

Լաւրովի այցելութեան ընթացքին թէեւ փոխանակուեցան դրական պատգամներ, հիւրընկալութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ էր, սակայն, անխուսափելիօրէն ի յայտ եկան նաեւ Երեւան-Մոսկուա առանցքի դժուարութիւնները։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հնչած յայտարարութիւնները այս առումով յատկանշական էին։ Այսպէս, Լաւրով պնդեց, որ Ռուսաստան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) անմիջապէս արձագանգած են Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակման։ Այս կէտին վրայ Արարատ Միրզոյեան հակադարձեց եւ աւելցուց, որ Երեւանի օրակարգին վրայ չկայ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները վերաձեւաւորելու հարց մը՝ հակառակ դիրքորոշումներու ակնյայտ տարբերութիւններուն։ Իր կարգին, Սերկէյ Լաւրով պնդեց նաեւ, որ չմատակարարուած զէնքի հարցը լուծուած է երկու երկիրներու միջեւ։ Ռուս նախարարն ալ նշեց, որ կողմերը անկեղծօրէն կը քննարկեն զանազան հարցերու մէջ առկայ դիրքորոշումներու տարբերութիւնները։ «Մոսկուա պատրաստ է ապագային եւս աջակցիլ Երեւանի եւ Պաքուի՝ լիարժէք խաղաղութեան Երեւանին եւ Պաքուին՝ լիարժէք խաղաղութեան հասնելու հարցին մէջ», ըսաւ ան եւ շեշտեց, որ Հայաստանէ ներս Ռուսաստանի ռազմակայանի գոյութիւնը երկրի անվտանգութեան երաշխաւորման տեսակէտէ կարեւոր բաղադրիչ մը կը համարուի։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծն ալ քննարկման նիւթ դարձած է երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին։

Հինգշաբթի, Մայիս 22, 2025