ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Ուքրայնայի հետ հակամարտութեան համայնապատկերին վրայ Ռուսաստան շարունակական շփումներ կ՚ունենայ աշխարհի այլ ուժային կեդրոններուն հետ։ Երբ Մոսկուա պարտաւորուած է արեւմուտքի ճնշումները դիմագրաւելու, ստեղծուած իրավիճակին մէջ առանձնապէս ուշադրութիւն կ՚ընծայէ՝ մանաւանդ Ասիոյ դերակատարներուն։

Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Չինաստանի վարչապետ Լի Ցիանը։ Այս վերջինը ընդունուեցաւ նաեւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի կողմէ։ Փութին Ցիանի հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ Ռուսաստան-Չինաստան-Մոնկոլիա եռակողմանի ձեւաչափով համագործակցութեան զարգացման նկատմամբ կ՚ընծայէ լուրջ կարեւորութիւն։ Միշուսթին-Ցիան զրոյցի ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկան կողմերու միջեւ զանազան ուղղութիւններով յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները։

Հարկ է նշել, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները յոյս յայտնած էր այս ամսուան ընթացքին Չինաստանի հետ հազուագիւտ մետաղներու շուրջ համաձայնութիւն կնքելու ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիան Ճայշանքարը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2025