ԲԱԶՄԱԶԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԹԱԿ

Երեւանի թատերական միջազգային փառատօնը այս օրերուն կը մագնիսացնէ գեղարուեստասէր շրջանակներու ուշադրութիւնը։ Փառատօնը սկսաւ երէկ եւ ճոխ յայտագիրով մը պիտի շարունակուի մինչեւ ամսավերջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի թատերական միջազգային փառատօնի սկիզբին առթիւ երէկ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը՝ «Գաբրիէլ Սունդուկեան» ազգային ակադեմական թատրոնէն ներս։ Հանդիսատեսը փառատօնի օրերուն հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ո՛չ միայն թատրոնի գլուխգործոցներուն հաղորդ դառնալու, նաեւ աշխարհի զանազան երկիրներէ խումբերու հետ շփուելու։ Արդարեւ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Վրաստանէն եւ Թուրքիայէն թատերախումբեր ալ պիտի մասնակցին ծրագրին։ Անշուշտ, Հայաստանի խումբերն ալ բեմ պիտի առնեն այս նախաձեռնութեան ծիրէն ներս։

«Գաբրիէլ Սունդուկեան» ազգային ակադեմական թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտչեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, փառատօնի հիմնադիրն ու նախագահն է, լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ըսաւ.

«Հայկական թատրոնի միջազգայնացման գաղափարը պարզապէս գաղափար մը չէ, այլ ամենօրեայ հետեւողական աշխատանք մըն է։ Սա նաեւ մտածողութեան փոփոխութիւն կը բերէ. մենք կը բանանք մեր դարպասները, կ՚ընդունինք հիւրեր, կ՚աշխատինք անոնց հետ եւ կը փորձենք մերը փոխանցել անոնց»։

Վարդան Մկրտչեան յիշեցուց, որ այս փառատօնը բազմազանութեան հարթակ մը կը հանդիսանայ եւ կազմակերպուած է իր գլխաւորած պետական թատրոնի միջոցներով։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2025