ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՃՇԴՈՒՄԸ
Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացի հայկական կողմի պատուիրակը յայտարարած է, թէ պատճառ չկայ, որ Հայաստանն ու Թուրքիան չհաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ սահմանները չբանան:
Անշուշտ, կան հիմնական խոչընդոտներ, որոնց կը գիտակցի հայկական կողմը: Երեւան-Անգարա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը կամ սահմանի բացումը պայմանաւորուած են Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններով: Ամէն առիթի Անգարայի ներկայացուցիչները այդ նախապայմանը կը շարունակեն արծարծել: Եթէ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը չկնքեն խաղաղութեան պայմանագիր, ապա սահմանը կը շարունակէ փակ մնալ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չեն հաստատուիր: (…)
Այդքանով չեն աւարտիր նախապայմանները: Պաքուն պարզ դարձուց նոր նախապայման մը. ան կ՚ակնկալէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ցոյց տայ իր խաղաղ մտադրութիւնները՝ յանձնելով զինուորական յանցագործութիւններու մէջ մեղադրուողները, որոնք, ըստ միշտ Պաքուի՝ կը պահուըտին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:
Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդականին այս յայտարարութեան կը հետեւէր Պաքուի դիւանագիտութեան ղեկավարին հրապարակումը առ այն, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Ատրպէյճանի դէմ տարածքային պահանջներու գոյութիւնը, արագ զինուիլը եւ վրէժխնդրական նկրտումները կը շարունակեն մնալ խաղաղութեան հոլովոյթի մեծագոյն խոչընդոտները:
Շատ առաձգական նախապայմաններու թղթածրար մը, որ անվերջ կարելի է լրացնել նոր պայմաններով:
Ուրեմն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է փոխէ իր սահմանադրութիւնը, հրաժարի տարածքային պահանջներէ, դադրեցնէ իր սպառազինութիւնը եւ դադրի վրէժխնդրական նկրտումներ դրսեւորելէ:
Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը երկարատեւ գործընթաց է. որեւէ յայտարարութիւն կրնայ Պաքուի կողմէ ընկալուիլ՝ իբրեւ վրէժխնդրական դրսեւորում եւ ամենէն կարեւորը՝ Երեւանէն կ՚ակնկալուի չսպառազինել բանակը:
Խաղաղութեան պայմանագրի Ատրպէյճանի թելադրած կանոնները հայկական կողմին համար երկրորդ անձնատուութիւնն է կամ յանձնուողականութիւնը: Կամազուրկ վիճակի ստեղծում, որ պարզապէս կը ձգուի իր հարեւաններու քմահաճոյքին եւ նախասիրութեան:
Հայկական կողմը կը շարունակէ պահել իր լաւատեսութիւնը: Մարգարայի սահմանակէտի ամբողջական վերանորոգումը, թուրք լրագրողներու այցելութեան կազմակերպումը, խաղաղութեան մօտ գտնուած ըլլալու յայտարարութիւնները կամ խաղաղութեան խաչմերուկի տեսութիւնը արծարծելը բաւական հեռու են հակառակ կողմի թելադրած նախապայմաններէն:
Էրտողան-Ալիեւ վերջին հանդիպումը պարզապէս կը վերաշեշտէր երկու գործընթացներուն փոխկապակցուածութիւնը՝ պարզ դարձնելով, որ չկայ սահմանի բացում կամ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում՝ առանց Ատրպէյճանի պահանջներուն ընդառաջումին:
Այս բոլոր նախապայմաններով հանդերձ, Ատրպէյճան պատրաստ է շարունակելու Հայաստանի հետ սահմանազատման գործընթացը: Ասիկա յայտնաբար ունի նաեւ միջազգային հովանաւորութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը կը բացատրէ գործընթացին շարժառիթները. «Այո՛, կը քննարկենք Հայաստան-Ատրպէյճան միջպետական սահմանին երրորդ ուժերու բացառումը: Այո՛, կը քննարկենք միմեանց դէմ միջազգային իրաւական հարթակներու մէջ վէճերէ, հայցերէ, գանգատներէ հրաժարումը»:
Երրորդ ուժեր՝ յոգնակի ձեւակերպումով եղած այս յայտարարութիւնը մտածել կու տայ միջազգային հովանաւորութեան մասին: Սահմանազատուող գօտիներէն կը հեռանան ռուս սահմանապահ ուժերը: Ուժերը այս պարագային ընդհանուր ձեւակերպումով խորքին մէջ ռուսական գործօնի հեռացման կ՚ակնարկէ: Յայտարարութեան երկրորդ բաժինը, սակայն, խոչընդոտներու առջեւ է. խոչընդոտներ, որոնք անվերջ՝ իբրեւ նախապայման կը նորոգուին Պաքուի կողմէ:
Հայաստան-Թուրքիա սահմանին փակ մնալուն կամ դիւանագիտական յարաբերութիւններու չհաստատման շատ պատճառներ կան:
*
Պաքուն, ապա Երեւանը պարզ դարձուցին, որ քննարկուող խաղաղութեան պայմանագրի փաստաթուղթին բոլոր կէտերուն շուրջ կայացած է համաձայնութիւն եւ այս առումով խմբագրական բանակցութիւնները աւարտած են: Յստակ դարձաւ, որ առաջին վայրկեանէն Պաքուն խախտած է համաձայնութիւնը եւ կանխած համատեղ յայտարարութիւնը:
Այս համաձայնութեան յայտարարութեան նախօրէին եւ ընթացքին Պաքուէն շարունակեցին հնչել նոր նախապայմաններ: Հայաստանը պէտք է դադրի սպառազինուելէ, յանձնէ իր մօտ ապաստանած ռազմական յանցագործները, փոխէ Սահմանադրութիւնը եւ միջազգային ատեաններէ յետս կոչէ իր հայցերը:
Այս նախապայմաններու հրապարակումներէն զատ, Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարեց, որ վստահութեան առումով Հայաստանի պահուածքը զերոյական է եւ թէ մինչեւ որ պայմանագիրը չստորագրուի, կարելի չէ խաղաղութեան մասին խօսիլ: Աւելի մտահոգիչը այն է, որ Ատրպէյճանի պաշտօնական խօսափող նկատուող լրատուամիջոցներ կը խօսին այն մասին, թէ Երեւան կը պատրաստուի պատերազմի՝ գործողութիւններու սկսման ժամանակ ճշդած ըլլալով ապրիլ ամիսը:
Մինչեւ այս համաձայնութեան յայտարարուիլը, Հայաստանի վարչապետը յայտնած էր, որ հաղորդուղիներու ապաշրջափակման համար փաստաթուղթի 12-րդ խմբագրումով Երեւան այնպիսի նախագիծ առաջարկած էր, որ հարիւր առ հարիւր կը բաւարարէր կողմերը: Ըսել կ՚ուզէր, որ գնդակը Ատրպէյճանի դաշտին մէջ է եւ կը սպասուի դրական պատասխանի:
Դրական պատասխան եկաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին կողմէ զուգորդուած շատ բացասական զուգահեռ յայտարարութիւններով, նոր նախապայմաններով: Վերջինը՝ Հայաստան պէտք է փոխհատուցէ Ատրպէյճանին հասցուցած իր վնասները:
Ուրեմն 12-րդ խմբագրումը փաստօրէն հանգուցալուծած էր թնճուկը՝ հաղորդուղիներու շրջափակումը: Իսկ այս առումով Թեհրանի շուտափոյթ ողջունելը, անշուշտ, նշանակութիւն ունի: Իրան բազմիցս վերահաստատած էր իր վճռակամութիւնը՝ Սիւնիքի ճանապարհներու կարգավիճակի փոփոխութեան դէմ արտայայտուելով: Յայտնաբար 12-րդ խմբագրումով առաջադրուած ապաշրջափակման նախագծին համաձայն է Իրան:
Ողջունողներու շարքին էին Եւրոպական Միութիւնը, Միացեալ Նահանգներն ու ՀԱՊԿ-ը: Իսկ Մոսկուան՝ ընդգծելով եռակողմանի համաձայնութիւններուն իր պատրաստակամութիւնը՝ կը յայտնէր ապաշրջափակման գործողութիւններուն աջակցելու եւ եռակողմանի համաձայնագրի ստորագրութեան համար հարթակ տրամադրելու:
Ըստ էութեան, 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտը այս ձեւով դուրս եկած է բանակցային կէտէ: Ըստ երեւոյթին, կողմերը համաձայնած են՝ առանց երրորդ ուժի սահմաններ ունենալու կէտին վրայ: Եւ եթէ նման համաձայնութիւն մը կ՚ենթադրէ մէկ կողմէ ռուս սահմանապահներու հեռացումը, միւս կողմէ նաեւ Եւրոպական Միութեան դէտերու առաքելութեան չեղարկում:
Անվտանգային առումով, ուրեմն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը յայտնուի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի աքցանին մէջ: Թրքական մուրճին եւ Ատրպէյճանի սալին:
Համաձայնութիւնը չէ ներառած Պաքուի մէջ առեւանգուած, պատանդառուած եւ սարքովի դատավարութիւններու ենթարկուող Արցախի գերիներու ազատ արձակումը: Երեւան կը խօսի խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութենէն ետք Պաքուի մէկ այլ նախապայմանը բաւարարելու մասին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարման: Փաստաթուղթը յայտնաբար չէ արձանագրած նաեւ Ատրպէյճանի զօրքերու Հայաստանի տարածքներէ հեռացման պահանջը:
Ներխուժող-ներխուժուած յարաբերակցութեամբ խմբագրական բանակցութիւններէ ետք կայացած է համաձայնութիւն: Պաքուն նոր նախապայմաններ կ՚արծարծէ, կը շարունակէ վերահսկել Հայաստանի գերիշխան տարածքներ, ազատ չ՚արձակեր Արցախի գերիները, կը հաստատէ, որ կայունութիւն չ՚արձանագրուիր մինչեւ ստորագրութիւն, որուն համար ցուցադրականօրէն չի շտապեր: Գուցէ ստորագրութեան թուականի ճշդումը պայմանաւորելով նոր նախապայմաններու իրականացումով:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Համադրուած խմբագրականներ՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի