Չորեքշաբթի 3, Դեկտեմբեր 2025
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ ՄԸ
Այսօր, Պրիւքսէլի մէջ տեղի կ՚ունենայ Եւրոմիութիւն-Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի վեցերորդ ժողովը։ Բանակցութիւնները կը գլխաւորեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս։ Կը հաղորդուի, որ Երեւանի եւ Պրիւքսէլի միջեւ համագործակցութեան նոր փաստաթուղթ մը կը ստորագրուի։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, սա նոր էջ մը կը համարուի Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու մէջ։ Անոնք գորընկերութեան նոր օրակարգ մը կը ձեւաւորեն՝ ռազմավարական երեսակի խորացումով։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2025