ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի մէջ ընթացք առած է «ՀԱՅ ՖԵՍՏ» կատարողական արուեստի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի եւս կը համախմբէ գեղարուեստասէրները։ Մայրաքաղաքի սրտին վրայ բացառիկ մթնոլորտի ստեղծման առիթ դարձած է այս ձեռնարկը, որու բացումը տեղի ունեցաւ «Տիեզերական ճամբորդութիւն» օդային ներկայութեամբ։ Լուքա Փիալլինիի ընկերութեան «Տիեզերական ճամբորդութիւն» օդային ներկայացումը տեղի ունեցաւ՝ Երեւանի նշանաւոր Քասքատի մօտակայքին, «Գաֆէսճեան» ժամանակակից արուեստի կեդրոնի համալիրի բացօթեայ հատուածէն ներս։ Մայրաքաղաքի սրտին վրայ համախմբուած հոծ թիւով գեղարուեստասէրներ անմիջական հետաքրքրութեամբ հետեւեցան այս եզակի ձեռնարկին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2026