ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ, որոնք շնորհաւորեցին իր ծննդեան տարեդարձը։ Փաշինեան, որ 50 տարեկան դարձաւ, թէ՛ Փութինին եւ թէ Միշուսթինին շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթանքներուն համար։ 

Փութինի հետ վարչապետը քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններուն ընթացքն ու տարածաշրջանային զարգացումներու վերաբերեալ հարցեր։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Փաշինեան-Միշուսթին զրոյցին ընթացքին ալ շօշափուեցան Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններու զանազան երեսակները։

Երկուշաբթի, Յունիս 2, 2025