Ուրբաթ 19, Սեպտեմբեր 2025
ԱՊՊԱՍԻ ԱՆԳԱՐԱ ԱՅՑԸ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասը։ Մինչ Իսրայէլ Կազզէի դէմ ցամաքային գործողութիւնները ամբողջ թափով յառաջ կը տանի, Թուրքիա միջազգային բեմահարթակի վրայ յամառ նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ կասեցնելու համար ողբերգական ընթացքը։ Անգարայի այս ջանքերու մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ Պեշթեփէի համալիրի երդիքին տակ Էրտողան-Ապպաս տեսակցութիւնը։
Բաց աստի, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ երէկ եռակողմանի ձեւաչափով հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ պաշտօնակիցներուն հետ՝ քննարկելով Կազզէի իրադրութիւնը։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2025