ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ.«ՃՇԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆ Է»
Արա Կիւլէրի թանգարանէն ներս ներկայիս բացուած է շահեկան ցուցահանդէս մը, որ կը կոչուի՝ «Ճշմարտութիւնը լաւագոյն լուսանկարն է»։ «Պոմոնթիատա» համալիրէն ներս խարսխուած Արա Կիւլէրի թանգարանը այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կը կոչէ՝ համագործակցութեամբ «Robert Capa» արդի լուսանկարչութեան կեդրոնի եւ Իսթանպուլի Հունգարական մշակոյթի կաճառին հետ։
Ռապըրթ Քափա 20-րդ դարու ամենակարեւոր լուսանկարիչներէն մին է, որ աշխատած է որպէս մամլոյ լուսանկարիչ։ Այս ցուցահանդէսով ներկայացուած է՝ Թուրքիոյ մէջ ցարդ իր գործերու հիման վրայ պատրաստուած հատընտիրը։
Ցուցահանդէսի բացման հաւաքոյթը համախմբեց հոծ թիւով գեղարուեստասէրներ։ Ներկայ էին վերոյիշեալ կեդրոնի եւ կաճառի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները, որոնք հանդէս եկան ելոյթներով։ Յանուն Արա Կիւլէրի թանգարանին՝ ողջոյնի խօսք մըն ալ արտասանեց Եասեմին Էօզիւյէ, որ ծրագրերու զարգացման գծով տնօրէնուհին է։
Այս եզակի ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 2026 թուականի մարտի 26-ը։ Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այցելել ցուցահանդէսը, կրնան հիւրընկալ թանգարանը այցելել ամէն օր՝ բացի երկուշաբթիէ։