ԶԵԼԵՆՍՔԻ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալէ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։ Թուրքիա կը շարունակէ աշխոյժ դերակատարութեամբ հանդէս գալ՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի դադրեցման նպատակով։ Մինչ Ռիատի մէջ այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսաստան բանակցութիւններ կը վարեն այս տագնապին կապակցութեամբ, Անգարայի մէջ ալ Էրտողան-Զելենսքի քննարկումներ կը ծաւալուին։ Հարկ է նշել, որ Թուրքիա այցելելէ առաջ Զելենսքի այցելեց Ապու Տապի, ուր տեսակցեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մուհամմէտ պին Զաիտ էլ Նահիանի հետ։

Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ այսօրուան բանակցութիւններուն կը քննարկուին Թուրքիոյ եւ Ուքրայնայի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան բոլոր երեսակները։ Կողմերը կ՚անդրադառնան այն հաւանական քայլերուն, որոնք անհրաժեշտ կը համարուին իրենց համագործակցութեան ամրապնդման համար։ Էրտողան եւ Զելենսքի կարծիքներ կը փոխանակեն Ուքրայնայի վերջին իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հրատապ օրակարգի խնդիրներուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2025