ՓԱՇԻՆԵԱՆ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ, ՈՐ TRIPP-Ի ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ ՑՈԼԱՆԱՅ ՆԱԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

TRIPP-ի պարագային Ուաշինկթընի հետ արձանագրուած վերջին զարգացումները Երեւանի ղեկավարութիւնը կը ջանայ ցոլացնել նաեւ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու վրայ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի միջեւ վերջին օրերուն Ուաշինկթընի մէջ TRIPP-ի զարգացման շուրջ ստորագրուած փաստաթուղթին զուգահեռ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ տրամաբանական կը համարուի ի շարունակութիւն զարգացում ունենալ արդէն Թուրքիա-Հայաստան հարթութեան վրայ։

Երեւանի մէջ, Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական կաճառին կողմէ կազմակերպուած 15-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը ունեցաւ Մատենադարանի երդիքին տակ։ Այս առթիւ վարչապետը ըսաւ. «Հիմա տրամաբանութիւնը այն է, որ յաջորդիւ մենք պէտք է զարգացում ունենանք Թուրքիա-Հայաստան հարթութեան վրայ եւ մենք յոյս ունինք, թէ այն գործընթացները, որոնք տրամաբանօրէն քաղաքական երկխօսութեան մակարդակով լուծուած են, նաեւ գետնի վրայ կ՚ունենան իրենց արտայայտութիւնը։ Սա իսկապէս նոյնիսկ անհաւատալի եւ աներեւակայելի դրական միջավայր մըն է, ուր մենք յայտնուած ենք, ինչ որ, ի հարկէ, չի նշանակեր, թէ բոլոր հարցերը լուծուած են։ Բայց, բոլոր հարցերու լուծման բոլոր բանաձեւերը, ըստ էութեան, արդէն որոշուած են»։

«Հայաստանը եւ խաղաղութիւնը ռիսքերու ու հնարաւորութիւններու խաչմերուկին վրայ» խորագրեալ քննարկման ընթացքին վարչապետը դիտել տուաւ, որ Արարատ Միրզոյեանի եւ Մարքօ Ռուպիոյի կողմէ TRIPP-ի իրականացման շրջանակը սահմանող՝ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած յայտարարութիւնը անկիւնաքարային նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութիւնը հաստատութենական դարձնելու ճանապարհին։ Փաշինեանի խօսքով՝ Երեւան եւ Պաքու յառաջ կ՚ընթանան շատ աւելի մեծ քայլերով՝ քան ի սկզբանէ կարելի էր ենթադրել։ Այս առումով վարչապետը օրինակ տուաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արդէն իսկ իրականացուած առեւտրային յարաբերութիւնները։

«Այսօր արդէն Հայաստան-Ատրպէյճան երկկողմանի առեւտուրի դրսեւորումները տեղի ունեցան շատ աւելի կանուխ՝ քան Հայաստան եւ միջազգային հանրութիւնը կը սպասէին, գուցէ նաեւ Ատրպէյճանը», ըսաւ ան։

Քննարկման ընթացքին վարչապետը ակնյայտ համարեց յետագային Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանին կամուրջներ կառուցելու անհրաժեշտութիւնը՝ առնուազն Ախուրիկի եւ Մարգարայի հատուածներէն ներս։ «Հայաստան-Թուրքիա սահմանին ակնյայտ է, որ կամուրջներ պէտք է կառուցուին առնուազն Մարգարայի մէջ կամուրջ մը պէտք է կառուցուի, Ախուրիկի մէջ կամուրջ մը պէտք է կառուցուի։ Ակնյայտ է, որ Ախուրիկի մէջ մաքսային եւ սահմանային հանգոյցներ պէտք է կառուցուին, Երասխի մէջ մաքսային եւ սահմանային հանգոյցներ պէտք է կառուցուին։ Ես նաեւ կը կանխատեսեմ ու շատ հաւանական կը համարեմ, թէ Իջեւան-Ղազախ հատուածէն ներս մենք նաեւ կրնանք ունենալ որոշակի զարգացումներ, նաեւ հարաւային հատուածէն ներս ունինք որոշ զարգացումներ», ընդգծեց վարչապետը եւ աւելցուց, որ ամենայն հաւանակութեամբ Թուրքիա-Հայաստան սահմանին կ՚ըլլայ նաեւ ելեկտրահաղորդման գիծերու վերազինում, որովհետեւ տակաւին նախկին Խորհրդային Միութեան ժամանակներէն ի վեր մնացած որոշ բաներ կան այնտեղ։ 

«Այս մասով մասնաւոր հատուածէն մենք արդէն ազդակներ կը ստանանք։ Մասնաւոր հատուածը կ՚ըսէ՝ ելեկտրական ուժանիւթի մասին «Կրնա՞նք մտածել»։ Մենք ալ կ՚ըսենք, այո, կրնաք մտածել։ Ինչո՞ւ կ՚ըսենք այո, որովհետեւ բանակցային այս ձեւին մէջ, ուր ես կը խօսիմ նախագահ Էրտողանի հետ, այդ մակարդակին վրայ հարցերը, պատկերացումները լուծուած են տեսանելի ապագայի համար», նշեց Փաշինեան։

Ի լրումն այս բոլորին, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «Հայաստան կ՚ակնկալէ, որպէսզի Ռուսաստանի գործընկերները որոշում ընդունին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի երկաթուղային կապի որոշ հատուածները վերանորոգելու ուղղութեամբ»։

Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, թէ TRIPP-ի վերաբերեալ նոր յայտարարութեամբ կանաչ լոյս կը վառդուի տարածաշրջանէ ներս երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութեան համար։ «Հայաստանի շուրջ իրավիճակն ու անվտանգային միջավայրը աւելի կայուն երբեք չէ եղած», ընդգծեց վարչապետը՝ աւելցնելով, որ երկրի պաշտպանունակութիւնը բարձրացնելու նպատակով վերջին տարիներուն ձեռք բերուած են շատ լուրջ սպառազինութիւն եւ թեքնիք միջոցներ։

«Հայաստանի կառավարութիւնը միանշանակ կը փափաքի, որ երկիրը դառնայ Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ եւ կ՚ընթանայ Եւրոմիութեան չափանիշներուն համապատասխանող երկիր դառնելու ճանապարհով», նշեց ան։

Ուրբաթ, Յունուար 16, 2026