ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ արձագանգեց՝ Ատրպէյճանի կողմէ չորս հայ գերիներու ազատ արձակման իրադարձութեան։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը այս կապակցութեամբ երէկ հանդէս եկաւ ամփոփ յայտարարութեամբ մը, որու մէջ նշուած է հետեւեալը.
«Մխիթարութիւն եւ հոգւոյ ուրախութիւն էր մեզի համար տեղեկանալ՝ Պաքուի մէջ շինծու մեղադրանքներով ապօրինաբար պահուած չորս հայորդիներու հայրենիք վերադարձի մասին։ Կը մաղթենք, թէ Տիրոջ օրհնութեամբ եւ համայն մեր ժողովուրդի զօրակցութեամբ անոնք վերագտնեն իրենց կեանքի խաղաղ ու բնականոն ընթացքը՝ ընտանեաց ու սիրելիներու հետ միասին։ Մեր աղօթքն է, որպէսզի բոլոր գերեալները շուտափոյթ եւ ապահովաբար վերադառնան հայրենիք։ Թող Աստուած խաղաղութեան շնորհի ներքեւ պահէ աշխարհահամայն, մեր հայրենիքը եւ մեր ամբողջ ժողովուրդը»։