ՖԻՏԱՆ-ՌՈՒՊԻՕ ԶՐՈՅՑ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ Դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով, բացի երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքէն, նախարարները կանգ առին Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, Կազզէի կացութեան եւ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան մէջ հրադադարի հասնելու ուղղեալ ջանքերուն վրայ։ Ֆիտան եւ Ռուպիօ անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան խնդիրներուն։ Անոնք կարեւորեցին նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով համագործակցութիւնն ու ՆԱԹՕ-ի ուժեղացումը։

Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Նախօրէին Ումմանի մէջ կազմակերպուած Ուաշինկթըն-Թեհրան անուղղակի բանակցութիւններու լոյսին տակ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան նախարարները։

Մինչ Թուրքիա մօտէն կը հետեւի ԱՄՆ-Իրան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերուն, բոլոր դերակատարներուն հետ կանոնաւոր շփման մէջ կը մնայ։ Ումմանի շփումը, ընդհանուր առմամբ, ստեղծած է դրական արձագանգ։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփն ալ յայտնեց, որ շուտով որոշում մը պիտի առնէ Իրանի հարցին շուրջ։ Ըստ միջազգային աղբիւրներուն, Ուաշինկթըն-Թեհրան յաջորդ շփումը կը ծրագրուի դարձեալ Ումմանի մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2025