ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ ԹԻՐԱԽՆԵՐ

Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովը երէկ սկսաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը։ Այս խորհրդաժողովը ամէն տարեմուտին միջազգային բեմահարթակի վրայ շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը կը դառնայ՝ համաշխարհային անվտանգութեան օրակարգի քննարկման տեսակէտէ։ Այս տարուան խորհրդաժողովը արտասովոր նշանակութիւն ունէր՝ այն առումով, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր ղեկավարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչները առաջին անգամ հաւաքաբար միջազգային գործընկերներու հետ շփուեցան։

Միւնիխի մէջ երէկ տեղի ունեցան Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենսի բանակցութիւնները, որոնք միջազգային բեմահարթակի վրայ անմիջական ուշադրութեան արժանացան։ Վենս այս փուլին ընդգծեց, որ ԱՄՆ կը ձգտի հասնիլ երկարատեւ խաղաղութեան, այլ ոչ թէ քանի մը տարի անց Եւրոպայի մէջ նոր հակամարտութեան մը։

Ուաշինկթըն-Անգարա առանցքին վրայ ալ գլուխ գլխի առաջին բարձր մակարդակի հանդիպման առիթ հանդիսացաւ Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովը, որու շրջանակներէն ներս արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ Անոնք աւելի առաջ ունեցած էին հեռախօսազրոյց մը, իսկ երէկ առաջին անգամ երես առ երես ծաւալեցին քննարկումներ՝ երկկողմանի օրակարգի բազմաբնոյթ հարցերուն շուրջ։ Ֆիտան եւ Ռուպիօ մասնաւորապէս անդրադարձան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին եւ Մերձաւոր Արեւելքի կացութեան։ Այս քննարկումը կարեւոր էր՝ այն առումով, որ Թուրքիա արդէն վերապահութիւն կ՚արտայայտէ ԱՄՆ-ի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած՝ Կազզէի բնակիչներէ դատարկման նախաձեռնութեան կապակցութեամբ։ Միւնիխի մէջ Հաքան Ֆիտան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոյի հետ։

Խորհրդաժողովի շրջանակներէն ներս շփումներ կ՚ունենայ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Բացի խորհրդաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցելէ, Նիկոլ Փաշինեան Միւնիխի մէջ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ, նաեւ մասնակցութիւն բերաւ՝ «Մինիլաթերալիզմը եւ անցումը կլոպալ դաշինքներէ թիրախային գործընկերութիւններու» խորագրեալ կլոր սեղանին։ Վարչապետի հանդիպումներուն առընթեր, իր պատուիրակութեան կազմէն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան եւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասրեանն ալ զանազան երկիրներէ գործընկերներու հետ շփումներ ունեցան։ 

Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովը կ՚եզրափակուի այս շաբաթավերջին։

Շաբաթ, Փետրուար 15, 2025