ԱՆԹԱԼԻԱՅԻ ՄԷՋ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք շօշափեցին Թուրքիա-Հայաստան օրակարգի ընթացիկ կէտերը։

Անթալիայի չորրորդ դիւանագիտական ֆորումը խտացեալ շփումներու առիթ դարձաւ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ։ Բարձր մակարդակի վրայ տեղի ունեցան իրերայաջորդ արժեւորումներ, որոնք լուրջ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին տեսակէտէ։ Արտաքին գործոց նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններուն շուրջ։ Արարատ Միրզոյեան ֆորումէն վերջ «Սիվիլնէթ»ին յայտարարեց, որ Թուրքիա-Հայաստան համագործակցութեան համար շատ աւելի մեծ հեռանկարներ կան, Ատրպէյճանի հետ պէտք է բանակցիլ մինչեւ դրական լուծումներ գտնելը։

Արարատ Միրզոյեան Անթալիայի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Սա նախարարներու առաջին ուղղակի շփումն էր՝ Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի բովանդակութեան համաձայնեցուած ըլլալուն վերաբերեալ յայտարարութենէն վերջ։ Միրզոյեան եւ Պայրամով քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ներկայ իրավիճակը։ Նախարարները պատրաստակամութիւն յայտնեցին երկխօսութիւնը շարունակելու համար։ Միրզոյեան «Սիվիլնէթ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ընդգծեց, որ հայկական կողմը պիտի ջանայ ամէն ինչ ընել, որպէսզի այս գործընթացը փակուղիի չմատնուի։

Անթալիայի չորրորդ դիւանագիտական ֆորումի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ նաեւ՝ «Հարաւային Կովկասէ ներս տարածաշրջանային համագործակցութեան մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ» խորագրեալ ասուլիս մը, որու ատենախօսներն էին Արարատ Միրզոյեան, Ճէյհուն Պայրամով եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոչորիշվիլի։ «Մենք կրնանք միաւորել տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու հասարակութիւնները եւ խաղաղ ապրիլ 21-րդ դարուն», ըսաւ Միրզոյեան, որու խօսքով՝ հայկական կողմին տեսակէտէ լուծումը յստակ է՝ պէտք է ստորագրել պայմանագիրը եւ հաստատութենական ճանապարհով վերջ տալ այս հակամարտութեան։

Իր կարգին, Մաքա Պոչորիշվիլի դիտել տուաւ, որ Հարաւային Կովկասը ունի զարգացման հսկայական ներուժ, որու իրագործման համար անհրաժեշտ է ունենալ կայուն, յարատեւ խաղաղութիւն։ Վրացի նախարարը Անթալիայի մէջ ալ կրկնեց, որ Թիֆլիզ չի մասնակցիր՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով տարածաշրջանային խորհրդատուական հարթակին։

Անթալիայի ֆորումի շրջանակներէն ներս Հաքան Ֆիտան հիւրընկալեց նաեւ Ռուսաստանի իր պաշտօնակիցը՝ Սերկէյ Լաւրովը, որու հետ շօշափեց Ուքրայնայի, Սուրիոյ եւ Կազզէի կացութիւնը։ Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Հարաւային Կովկասի գծով ՆԱԹՕ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիէր Քոլոմինայի հետ։ «Սիվիլնէթ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Միրզոյեան արձանագրեց, որ միջազգային օրակարգի կարգ մը նութերու շուրջ Անգարայի եւ Երեւանի դիրքորոշումները իրարմէ հեռու չեն՝ իբրեւ օրինակ նշելով մանաւանդ Մերձաւոր Արեւելքը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 14, 2025