ԱՐԱԳԱՑՆԵԼ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացէն ներս երէկ տեղի ունեցան վեցերորդ բանակցութիւնները։ Սոյն կարգաւորման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը՝ Սերտար Քըլըչ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչը՝ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ բանակցութիւններ վարեցին Երեւանի մէջ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, դեսպան Սերտար Քըլըչ Հայաստան մեկնեցաւ՝ հատելով ցամաքային սահմանը, Ալիճան-Մարգարա անցակէտէն։
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւնները բանակցութիւններու լոյսին տակ հրապարակեցին գրեթէ նոյնանման բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւններ։ Այսպէս, յատուկ ներկայացուցիչները վերահաստատեցին նախապէս համաձայնեցուած այն նիւթերը, որոնք Թուրքիա-Հայաստան ամբողջական բնականոնացման գործնթացը յառաջ մղելու նպատակով քննարկուած էին։ Այս ծիրէն ներս, 1 յուլիս 2022 թուականին իրականացուած ժողովին ժամանակ համաձայնեցուած՝ ցամաքային սահմանէն անցքերու վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնը կեանիք կոչելու շուրջ անոնք ունեցան կարծիքի փոխանակումներ եւ համաձայն գտնուեցան, որպէսզի այս գործընթացը արագացուի։
Յատուկ ներկայացուցիչները որոշեցին՝ Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի եւ ելեկտրագծի վերականգնման ու գործարկման ուղղութեամբ երկու երկիրներու պատկան իշխանութիւններու կողմէ անհրաժեշտ թեքնիք աշխատանքներու իրականացումը։
Բաց աստի, երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին շօշափուեցան մշակոյթի եւ ակադեմական ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները՝ մասնաւորպապէս համալսարանականներու համար կրթաթոշակներու հնարաւորութեան ստեղծման նիւթերը։ Նոյն ամբողջին մէջ պատմական Մետաքսի ճանապարհի Անիի կամուրջի համատեղ վերանորոգման ճանապարհով ջանքերու գործադրութեան ուղղութեամբ որոշում ընդունուեցաւ։
Ի լրումն այս բոլորին, յատուկ ներկայացուցիչները համաձայն գտնուեցան, որպէսզի շահագրգիռ ընկերութիւնները 2026 թուականի ամրան դրութեամբ զանազան ուղղութիւններով չուերթներու հաստատման համար անհրաժեշտ աշխատանքները կատարեն եւ այսպէսով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ աշխուժանայ օդային ճամբով փոխադրութիւնը եւ բարձրանայ թռիչքներու թիւը։
Հուսկ, յատուկ ներկայացուցիչները վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը, որպէսզի այս գործընթացը յառաջ տանին առանց նախապայմաններու։
Դեսպան Սերտար Քըլըչ Երեւանի մէջ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ վարած բանակցութիւններուն առընթեր, ընդունունեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Այս զրոյցի բովանդակութեան կապակցութեամբ պաշտօնական աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չեն հրապարակած։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն ներկայացուած լուսանկարներուն մէջ կ՚երեւի, որ զրոյցի ընթացքին Արարատ Միրզոյեանի կողքին գտնուած պաշտօնատարներու շարքին եղած են՝ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան։
Միւս կողմէ, դեսպան Սերտար Քըլըչ ցամաքի ճամբով Հայաստան մեկնելէ առաջ Իգդիրի մէջ պատասխանեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով՝ ան լրագրողներուն տեղեկացուց, որ Հայաստան այցելութեան ընթացքին կը քննարկուին ցարդ կատարուած աշխատանքներն ու յառաջիկային առնուելիք քայլերը։
Անդրադառնալով սահմաններու խնդրին՝ Սերտար Քըլըչ նշած է, որ «Զանգեզուրի գիծը» շատ կարեւոր է։ Ըստ իրեն՝ այդ մէկը ո՛չ միայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, այլեւ ամբողջ Միջին Ասիոյ եւ թրքախօս հանրապետութիւններուն համար շատ կարեւոր գիծ մը կը համարուի։ Ըստ Սերտար Քըլըչի՝ հայկական կողմը այս բոլորին դրականօրէն կը վերաբերի։