ԽՏԱՑԵԱԼ ԵՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՒԱԾ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան գոհացուցիչ համարեց Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացը՝ շեշտելով, որ Անգարա համակարգուած ձեւով յառաջ կը տանի Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերը։ Անթալիայի չորրորդ դիւանագիտական ֆորումը նոր աշխուժութեան առիթ դարձաւ Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ։ Կողմերու միջեւ խտացեալ շփումներ տեղի ունեցան իրերայաջորդ ժամադրութիւններով։

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ՝ քննարկելով տարածաշրջանային հարցեր։ Անոնք շօշափեցին նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Այսօր նախատեսուած է Հաքան Ֆիտանի հանդիպումը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու գծով կողմերու յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ դեսպան Սերտար Քըլըչի եւ Հայաստանի ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի հանդիպումը։ Ընկերային ցանցերու մէջ հանդիպումէն վերջ Ռուբինեան տեղեկացուց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ լաւ քննարկում մը ծաւալած է Սերտար Քըլըչի հետ։

Մինչ երէկ տեղի ունեցաւ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի պաշտօնական բացումը, այսօր տեղի կ՚ունենայ՝ «Հարաւային Կովկասէ ներս տարածաշրջանային համագործակցութեան մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ» խորագրեալ ասուլիս մը, որու ատենախօսներու շարքին են Արարատ Միրզոյեան, Ճէյհուն Պայրամով եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոչորիշվիլի։

Միւս կողմէ, Անթալիայի մէջ Սերտար Քըլըչ հարցազրոյցներ տուաւ Ատրպէյճանի «Ափա» գործակալութեան եւ Հայաստանէն «Մետիամաքս» գործակալութեան։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Սերտար Քըլըչ պատասխանեց այն հարցման, թէ արդեօք Թուրքիա Հայաստանէն կը պահանջէ՞ փոխել Սահմանադրութիւնը։ Ի պատասխան՝ ան նշած է, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ եւ այս համատեսքին մէջ Հայաստան կը կատարէ ան-հըրաժեշտ փոփոխութիւնները իր Սահմանադրութեան մէջ։ Իսկ «Մետիամաքս»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Սերտար Քըլըչ նշած է, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը Հայաստանի ներքին հարցն է։ 

Բաց աստի, Սերտար Քըլըչ յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յառաջ կը տարուի վստահութեան կառուցման գործընթաց մը։ Ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար բանալու հեռանկարին շուրջ ան ըսաւ. «Հիմա կ՚աշխատինք թեքնիք մարամասնութիւններու վրայ։ Չեմ գիտեր՝ սա ե՞րբ կ՚ըլլայ, բայց կ՚աշխատինք լրջրէն։ Յուսամ՝ հնարաւորինս շուտ պիտի աւարտենք այս գործընթացը»։

Շաբաթ, Ապրիլ 12, 2025