ՓՈՒԹԻՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՐԱՄՓԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման առաջադրութեամբ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի միջեւ խտացեալ շփումները կը շարունակուին։ Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ընդունեց ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆը։ Այս վերջինը, միեւնոյն ժամանակ, Թրամփի Մերձաւոր Արեւելքի գծով յատուկ ներկայացուցիչն է ու վերջին շրջանին արդէն երրորդ անգամ կ՚այցելէ Ռուսաստան։ Նախօրէին Ուիթքոֆ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեսակցած էր Փութինի լծակիցներէն՝ Ռուսաստանի ուղղակի ներդրումներու հիմնադը-րամի ղեկավար Քիրիլ Տիմիթրիեւի հետ։ Այս վերջինը դէպի Ուաշինկթըն ուղեւորութենէն կարճ ժամանակ անց Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մէկտեղ-ւեցաւ Ուիթքոֆի հետ։ Վլատիմիր Փութինն ալ Սթիւ Ուիթքոֆը ընդունեց՝ Քիրիլ Տիմիթրիեւի հետ հանդիպելէ անմիջապէս ետք։ Փութին-Ուիթքոֆ զրոյցը տեւեց աւելի քան չորսուկէս ժամ։ Դռնփակ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Սեն Փեթերսպուրկի Պետական գրադարանի շէնքէն ներս։ 

Փութին-Ուիթքոֆ զրոյցին ժամանակ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ ԱՄՆ համամիտ է, որ ՆԱԹՕ պէտք չէ ընդլայնի՝ Ուքրայնան ներառելով։ Լաւրովի խօսքով, եթէ Ուաշինկթըն Մոսկուայի հետ հաշտութեան համար գործնական քայլերու կը ձգտի, ապա առաջին փուլին կրնայ ռուսական օդային ընկերութեան՝ Աէրոֆլոթի վրայ դրուած բոլոր արգելքները ջնջել։ Որպէս երկրորդ քայլ՝ փոխադարձաբար պէտք է հրաժարիլ բռնամիջոցներու քաղաքականութիւններէն։ Սեն Փեթերսպուրկի հանդիպման ընթացքին Թրամփն ալ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը։ Ան շեշտեց, որ Ռուսաստան պէտք է շարժման անցնի։ Պաշտօնի ձեռնարկած թուականէն ի վեր Թրամփ արդէն երրորդ անգամ Ռուսաստան ուղարկած է իր յատուկ ներկայացուցիչը։ Յայտնի է, որ Ուաշինկթըն-Մոսկուա բանուկ առանցքին վրայ կ՚ընթանան բուռն սակարկութիւններ։ 

Հարկ է նշել, որ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի դիւանագէտներէն բաղկացեալ պատուիրակութիւնները վերջին օրերուն բանակցութիւններ վարեցին Իսթանպուլի մէջ։ Աւելի առաջ Իսթանպուլի մէջ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոսին հիւրընկալմամբ տեղի ունեցած էր հանդիպում մը, իսկ այս անգամ հիւրընկալը եղաւ Ռուսաստանի աւագ հիւպատոսը։ 

Այս բոլորին զուգահեռ վերջին օրերուն Ապու Տապիի մէջ ալ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ տեղի ունեցաւ գերիներու փոխանակում։

Շաբաթ, Ապրիլ 12, 2025