ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵԱԼ ԴԵՐԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ Նախագահ Տէր-Պետրոսեանի գրասենեակին կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը հրապարակուեցաւ այս տեսակցութեան կապակցութեամբ։ Այսպէս, զրոյցը տեւեց աւելի քան ժամ մը։ Նախագահ Տէր-Պետրոսեան եւ դեսպան Քոփիրքին անդրադարձան մասնաւորապէս Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին եւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման հրամայականին։
Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հարկ համարեց ընդգծել, որ Ռուսաստանի ներկայութիւնը Անդրկովկասէ ներս յոյժ անհրաժեշտ է եւ սա պատմութեամբ հաստատուած իրողութիւն մըն է։ «Հայաստանի ազնիւ ու յուսալի բարեկամներն են Ռուսաստանը, Իրանը, Վրաստանը, Ֆրանսան, Յունաստանը, իսկ մօտաւոր հեռանկարին՝ Չինաստանն ու Հնդկաստանը», համոզուած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեան։