ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին զուգահեռ՝ երկու երկիրներուն միջեւ տեղի կ՚ունենան զանազան մակարդակներու վրայ շփումներ։ Մինչ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներէն ներս արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի միջեւ շփում մը կը նախատեսուի, այս հաւանականութեան նախորդեց փոխ-նախարարներու հանդիպում մը։ Այսպէս, արտաքին գործոց փոխ-նախարար Այշէ Պերրիս Էքինճի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանի հետ։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ հերթական անգամ քննարկուեցան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, շօշափուեցան նաեւ հաւանական համագործակցութեան նոր ուղղութիւնները։
Վահան Կոստանեան ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ ծաւալուած է կարեւոր քննարկում։ Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ։
Միւս կողմէ, այսօր Արարատ Միրզոյեան կը մասնակցի Անթալիայի Դիւանագիտական չորրորդ ֆորումի պաշտօնական բացման արարողութեան։ Վաղը, ֆորումի շրջանակներէն ներս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան կը մասնակցի՝ «Հարաւային Կովկասէ ներս տարածաշրջանային համագործակցութեան մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ» խորագրեալ ասուլիսին, որու ատենախօսներու շարքին նախատեսուած են նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոչորիշվիլի։
Արարատ Միրզոյեանի ընկերակից պատուիրակութեան կազմին ընդգրուած է նաեւ Հայաստանի ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացի բանակցութիւններուն մէջ յատուկ ներկայացուցիչներէն մին է։