ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Մերձաւոր Արեւելքի թէժ իրադարձութիւնները պատճառ դարձած են, որ տարածաշրջանէ ներս ստեղծուի յարափոփոխ կացութիւն մը՝ մասնաւորապէս ուժերու իրերայաջորդ վերադասաւորման տեսակէտէ։ Այս իրավիճակին մէջ Մոսկուա-Դամասկոս առանցքին վրայ ալ նկատելիօրէն խտացած են բարձր մակարդակի վրայ շփումները։

Երէկ, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսանտր Նովաք այցելեց Դամասկոս, ուր ընդունուեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանիի կողմէ։ Հանդիպման առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Սուրիա եւ Ռուսաստան կրնան կառուցել ինքնիշխանութեան եւ փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Շէյպանի նշեց, որ Սուրիա-Ռուսաստան յարաբերութիւնները խոր են եւ անցած են բարեկամութեան ու համագործակցութեան փուլերէ, սակայն, երբեմն անոնք չեն եղած հաւասարակշռուած։ Ուստի, ան ընդգծեց, որ Սուրիոյ մէջ որեւէ օտարերկրեայ ներկայութիւն պէտք է նպատակ ունենայ նպաստել երկրի ժողովուրդին՝ իր ապագայի կառուցման ճանապարհին։ Շէյպանի ողջունեց իր երկրի համագործակցութիւնը Ռուսաստանի հետ վերակառուցման, ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան եւ առողջապահութեան ոլորտներէն ներս՝ արդար եւ թափանցիկ հիմունքներով։ «Որքան կայուն ըլլայ Սուրիան, այնքան շատ համագործակցութեան հեռանկարներ կը բացուին բոլորին համար։ Որքան տկար ըլլայ Սուրիան, այնքան մեծ կ՚ըլլայ քաոսի եւ ահաբեկչութեան հաւանականութիւնը։ Ռուսաստանի անկեղծ աջակցութիւնը Սուրիոյ նոր ուղիին կ՚ըլլայ մեր երկրի եւ ամբողջ տարածաշրջանի շահերուն համապատասխան քայլ մը», նշեց Շէյպանի եւ ընդգծեց, որ Դամասկոս կը փնտռէ ազնիւ գործընկերներ։ «Այս բանակցութիւններու յաջողութեան համար կայ նոր պատգամ մը. Սուրիան եւ Ռուսաստանը ընդունակ են կառուցել յարաբերութիւններ՝ հիմնուած ինքնիշխանութեան, արդարութեան եւ փոխադարձ շահերու վրայ», շեշտեց ան եւ ընդգծեց, որ Սուրիոյ դէմ Իսրայէլի յարձակումները ուղղակի սպառնալիք կը ներկայացնեն տարածաշրջանի կայունութեան դէմ։

Իր կարգին, Ալեքսանտր Նովաք դիտել տուաւ, որ իր ուղեւորութիւնը երկկողմանի համագործակցութեան որոշ կարեւոր ոլորտներ քննարկելու նպատակ կը հետապնդէ։ «Այս նոր պատմական փուլը երկու ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ կը հաստատէ եւ մենք կը փափաքինք, որ այս յարաբերութիւնները շարունակեն զարգանալ՝ ի շահ երկու ժողովուրդներու եւ երկիրներու։ Ռուսաստան յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարայի նկատմամբ՝ յառաջիկային անոր Մոսկուա կատարելիք այցելութեան համար», ըսաւ ան։ Նովաք շեշտեց Ռուսաստանի աջակցութիւնը Սուրիոյ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։

Շէյպանի եւ Նովաք Դամասկոսի մէջ նախ ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները գլխաւորեցին, իսկ աւելի վերջ դռնփակ հանդիպում մըն ալ ունեցան՝ անվտանգութեան, տնտեսութեան եւ ուժանիւթի հարցերու շուրջ։

Անցեալ յունուարին Դամասկոս այցելած էր Միխայիլ Պոկտանով, որ այդ ժամանակ կը զբաղեցնէր Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի հարցերով Ռուսաստանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Սուրիոյ անկեալ նախագահ Պեշար Էսատ Ռուսաստանի մէջ ապաստան գտած է իր ընտանիքին հետ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2025