ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ՀՆԱԴԻՊՈՒՄ

Իրանի եւ Եգիպտոսի շփումները այս շրջանին խտացած են՝ Մերձաւոր Արեւելքի թէժ օրակարգի պայմաններուն ներքեւ։ Թեհրան-Գահիրէ առանցքին վրայ ստեղծուած աշխուժութիւնը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ կողմերը կը ձգտին տարածաշրջանի իրադարձութիւնները դիմագրաւել՝ որպէս ազդու խաղացողներ։ 

Երէկ, Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտիւլատիի հանդիպումը։ 

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախարարները հաստատեցին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ ոլորտներէ ներս երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման թափը տեւականացնելու ուղղեալ իրենց վճռականութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ առանձին տեղ կը զբաղեցնեն՝ տնտեսութեան, առեւտուրի, զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի բնագաւառները։

Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններու՝ մասնաւորապէս Կազզէի առկայ ցեղասպանութեան հետեւանքով Պաղեստինէ ներս ստեղծուած մարդասիրական աղէտին վերաբերեալ։ Անոնք ընդգծեցին մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը։

Անդրադառնալով Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ խնդիրներուն՝ Ապպաս Արաղչի ընդգծեց Թեհրանի սկզբունքային դիրքորոշումը։ Այսպէս, պիտի պահպանուին իրաւունքներն ու շահերը՝ Աթոմային զէնքի չտարածման վերաբերեալ պայմանագրի հիման վրայ։ Արաղչի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ անցեալ յունիսին իր երկրին դէմ իրականացուած յարձակումները որակեց՝ որպէս ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու դէմ հարուած։ 

Իր կարգին, Պատր Ապտիւլատի պատրաստակամութիւն յայտնեց Իրանի եւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան միջեւ համագործակցութեան նպաստելու համար։ 

Ապպաս Արաղչիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Գահիրէի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10, 2025