ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումը, որ այս տարի չորրորդ անգամ կը կազմակերպուի, վաղը պիտի սկսի պաշտօնապէս։ «Տարանջատեալ աշխարհի մէջ տէր կանգնիլ դիւանագիտութեան» խորագրեալ հաւաքի նպատակն է դիւանագիտութիւնը դարձնել մղիչ ուժ մը՝ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան համար եւ այս ուղղութեամբ հասարակաց ռազմավարութիւններու վրայ աշխատիլը։ Աշխարհի ամէն կողմէն մասնակիցներ պիտի համախմբէ ֆորումը, որու բացման նախատեսուած են Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի ելոյթները։ Անցեալ տարուան ֆորումին աշխարհի 147 երկրէ եւ բազմատասնեակ միջազգային կազմակերպութիւններէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ մասնակցած էին։
Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումը հարթակ կը հանդիսանայ միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներու քննարկման՝ մանաւանդ, որ Անգարա կը ձգտի անոնցմէ շատերու կարգաւորման ուղղութեամբ ունենալ իր ներդրումը։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը, որու պարագային վերջին ամիսներուն աշխուժացած է նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Թուրքիա այսօր կը հիւրընկալէ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի ներկայացուցիչներու բանակցութիւնները, որոնք տեղի կ՚ունենան Իսթանպուլի մէջ։
Բաց աստի, շաբաթ օրն ալ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարար Անտրի Սիպիհա պիտի մասնակցին Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։
Հարաւային Կովկասն ալ այն տարածաշրջաններէն է, որու իրադարձութիւնները Թուրքիոյ կիզակէտին կը գտնուին եւ որպէս այս հանգամանքի տրամաբանական շարունակութիւնը՝ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի օրակարգին վրայ են։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով կը մասնակցին ֆորումին։ Ուստի, Անթալիայի հաւաքը Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան ուղղութեան վրայ ալ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէ Հայաստանի ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներէն է։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի զանազան նիստերուն Միրզոյեան եւ Ռուբինեան քննարկումներու կը մասնակցին՝ ներկայացնելով հայկական կողմի մօտեցումները։ Վերջին տարիներուն Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումը, ինչպէս նաեւ թրքական կողմի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այլ միջազգային հաւաքները միշտ առիթ կը հանդիսանան նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու երկկողմանի հանդիպման։
Վերջին անգամ Արարատ Միրզոյեան Իսթանպուլի մէջ մասնակցած էր՝ Հարաւային Կովկասի «3+3» խորհրդատուական հարթակի անդամ երկիրներու նախարարաց հաւաքին, որու ծիրէն ներս առանձին ընդունուած էր Հաքան Ֆիտանի կողմէ, նաեւ տեսակցած՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումը պիտի եզրափակուի կիրակի, ապրիլի 13-ին։