ԻՆՉՊԷ՞Ս ԲԱՐԵԿԱՄԱՆԱԼ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանը մեղադրեց՝ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը ձգձգելով։ «Քանի դեռ Հայաստան չէ հրաժարած տարածքային պահանջներէ՝ պատերազմի վտանգը կը մնայ», ըսաւ ան՝ Պաքուէն Երեւան հերթական պատերազմի սպառնալիքը փոխանցելով։ Ալիեւի խօսքով՝ հիմնական պահանջներն են՝ Հայաստանի պաշտօնապէս հրաժարումը տարածքային պահանջներէ, խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարումը։ «Հայաստան ուղարկուող մահաբեր զէնքերը ապագայ լարուածութեան պատճառ կը դառնան», պնդեց Ալիեւ։

Պաքուի մէջ կազմակերպուած միջազգային համաժողովի մը ժամանակ, այս բոլորին առընթեր, Ալիեւ դիտել տուաւ, որ Պաքու պատրաստ է Երեւանի հետ վստահութեան ձեւաւորման ուղղեալ քայլերու ձեռնարկելու։ «Ի հարկէ, մենք չենք պատկերացներ, թէ ինչպէս Հայաստանի հետ անմիջապէս բարեկամ կը դառնանք։ Սա իրատես չէ։ Նոյնիսկ որեւէ տնտեսական համարկման մասին խօսելու համար տակաւին շուտ է։ Սակայն, մենք պատրաստ ենք սկսիլ ոչ-մեծ քայլերու՝ վստահութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ», աւելցուց ան։

«Դէպի նոր աշխարհակարգ» խորագրեալ հաւաքոյթի ընթացքին Ալիեւ պնդեց, որ Հայաստան կ՚արգիլէ Ատրպէյճանի մուտքը դէպի Նախիջեւան, ուստի, իրենք Իրանի հետ համաձայնած են, որպէսզի շրջանցիկ ճանապարհ մը կառուցեն։

Բաց աստի, Ալիեւ մատնանշեց, որ իր երկիրը վերջերս Վրաստանէն առաջարկներ ստացած է՝ Հայաստանի հետ վստահութեան ձեւաւորման միտուած նախաձեռնութիւններու շուրջ։ «Մենք դրական պատասխան տուինք եւ կը սպասենք հայկական կողմի դիրքորոշման։ Եթէ ամէն ինչ յաջողի, ապա կրնանք ոչ-մեծ քայլերու սկսիլ», ըսաւ ան։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերջին շաբաթներուն շարունակ ահազանգ կը հնչեցնէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ապատեղեկատուութիւններուն մասին, թէ հայկական կողմը սահմանի վրայ սադրանքներ կը կատարէ։ Ասոր փոխարէն, Հայաստանի սահմանամերձ զանազան տեղերը կը թիրախաւորուին Ատրպէյճանի կողմէ։ Վերջին օրերու առաւել մտահոգիչ իրադարձութիւններէն մին ալ եղած է՝ Սիւնիքի մարզի Խնածախ բնակավայրին վրայ Ատրպէյճանէն բացուած կրակը։ Ի դէպ, երէկ գիշեր ալ կրկին կրակոցներ լսուած են Խնածախի մէջ։ 

Երեւան-Պաքու առանցքի իրադարձութիւնները միշտ տարածաշրջանի միւս դերակատարներու ուշադրութեան կիզակէտին կը մնան։ Թէ՛ Մոսկուա եւ թէ Թեհրան մշտապէս կը հետաքրքրուին կողմերու յարաբերութիւններու կացութեամբ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստան եւ Իրան այս օրերուն համատեղ զօրավարժութիւն մը կ՚իրականացնեն։

Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է նպաստել Հայաստան-Ատրպէյճան տարաձայնութիւններու յաղթահարման։ Բանբերին խօսքով՝ ռուսական կողմը կը հետեւի սահմանի իրավիճակին եւ կողմերուն զսպուածութեան, խնդիրները խաղաղ ճանապարհով լուծելու կոչ կ՚ուղղէ։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ երէկ տեսակցեցաւ Ալիեւի յատուկ ներկայացուցիչ Խալաֆ Խալաֆովի հետ՝ շօշափելով նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներ։

Միւս կողմէ, հայկական լրահոսին մէջ վերջին օրերուն ուշադրութիւն գրաւեցին վերլուծութիւններ, ըստ որոնց, Իլհամ Ալիեւ սորված է օգտագործել Մոսկուայի շարժուն կարմիր գիծերը։

BBC-ն ալ վերջին օրերուն հաղորդեց, որ Պաքուի մէջ դատուող հայերը մնացած են խաղաղութեան համաձայնագրի ստուերին տակ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 10, 2025