ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻ ՓԱՓԱՔՈՎ

Ռուսաստանի նախագահի միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքօ վերջերս այցելեց Երեւան, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի կողմէ։ Հանդիպումներու ընթացքին կողմերը հաստատեցին իրենց փոխադարձ շահագրգռուածութիւնը՝ գործընկերութեան ապագայ խորացման ուղղութեամբ։ Անոնք ընդգծեցին համատեղ նոր նախաձեռնութիւններ իրականացնելու պատրաստակամութիւնը։

Միխայիլ Շվիտքօ այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, թէ Մոսկուա կրնայ համագործակցութիւնը զարգացնել մինչեւ այն կէտը, որ Երեւան կը փափաքի։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 10, 2025