Շաբաթ 26, Ապրիլ 2025
ԸՆԴԼԱՅՆԵԼ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Ամերիկահայ յայտնի գործարար, գիտնական ու բարերար Նուպար Աֆէեան վերջերս այցելեց Երեւան, ուր կեցութեան օրերուն ընդունուեցաւ Հայաստանի ելմտական նախարար Վահէ Յովհաննիսեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի տեւողութեան խոշորացոյցի տակ առնուեցան Աֆէեան ընտանիքի նախաձեռնութեամբ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած ծրագիրները։ Նախարարը բացատրեց երկրէն ներս ներդրումային միջավայրի բարելաւման հնարաւորութիւնները՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով նորարարութիւններու խթանման վրայ։ Զրուցակիցները քննարկեցին համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները:
Հինգշաբթի, Ապրիլ 10, 2025