ՀԱՅԿԱԶԵԱՆԻ 70-ԱՄԵԱԿԸ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 70-ամեակը։ Կը հաղորդուի, որ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած է յատուկ յոբելենական հանդիսութիւն մը՝ մասնակցութեամբ համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեանի։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Աթէնքի Քոքինօ թաղամասի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Գոհաբանական աղօթքը եւ աշխարհիկ ձեռնարկը պատուեց նաեւ Աթէնքի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեան։

Յունահայ համայնքէն բազմաթիւ յայտնի դէմքեր մասնակցեցան տարեդարձի հաւաքոյթին, որու եզրափակիչ փուլին սարքուած ընդունելութեան ժամանակ հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը՝ յարատեւութեան մաղթանքով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 10, 2025