ՃԵՆԻՖԸՐ ԼՈՓԵԶ ԱՅՍ ԱՄԱՌ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ ՊԻՏԻ ՍԱՐՔԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Աշխարհահռչակ երգչուհի, համաշխարհային սիւփէր աստղ Ճենիֆըր Լոփեզ այս ամառ համերգով մը հանդէս պիտի գայ Երեւանի մէջ։ Այսպէս, ան պիտի ձեռնարկէ համաշխարհային շրջագայութեան մը, որու ծրագրին ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանը։ «Up All Night» անուանեալ շրջագայութեան ծիրէն ներս, Ճենիֆըր Լոփեզի Երեւանի համերգը տեղի պիտի ունենայ օգոստոսի 3-ին, «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին մէջ։ Բացի Հայաստանէն, այս նախաձեռնութեան գծով Ճենիֆըր Լոփեզ ելոյթներ պիտի ունենայ նաեւ Թուրքիոյ, Սպանիոյ, Եգիպտոսի, Հունգարիոյ, Լեհաստանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Ղազախիստանի մէջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 10, 2025