ՀՆԱԳՈՅՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՄՇՏԱՊԷՍ ԿԸ ՊԱՀՊԱՆԵՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԹԱՓԸ
Չինաստանի «Գօտի եւ ճանապարհ» նախաձեռնութիւնը միջազգային բեմահարթակի վրայ երկար ժամանակէ ի վեր անմիջական ուշադրութեան առարկայ է։ Համաշխարհային բնոյթով այս վիթխարի ծրագրէն անմասն չէ նաեւ Հայաստանը։ Երեւան-Փեքին առանցքին վրայ սոյն նախագիծը զանազան ոլորտներու պարագային հեռանկարներ կը խոստանայ։ Կողմերը այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն կու տան մշակութային կապերուն։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ՝ «Գօտի եւ ճանապարհ» թանգարանային միջազգային խորհրդաժողովը, որու նպատակն էր այս բնագաւառէն ներս խթանել նորարարութիւնն ու համագործակցութիւնը։ «Լուծումներ համագործակցութեան միջոցաւ» խորագրեալ հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ՝ համախմբելով ինչպէս Հայաստանի եւ Չինաստանի, այնպէս ալ Վրաստանի եւ Իրանի ներկայացուցիչները։ Քննարկումներու ընթացքին արձանագրուեցաւ, որ թանգարանները կը դառնան ո՛չ միայն պատմութեան վկաներ, այլեւ ապագայի կառուցման կարեւոր միջոցներ։
Երեւանի մօտ Չինաստանի դեսպան Լի Սինուէյնն ալ նշեց, որ Հայաստանն ու իր երկիրը կը հանդիսանան հնագոյն քաղաքակրթութիւններ ու մշտապէս պահպանած են համագործակցութեան զարգացող թափը։