ԵՐԱԶԻՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ
«Կ՚անգիտանամ... Երազ մ՚էր այս անոնց պէս
Որոնք կ՚անցնին երբեմն հոգւոյս մութին մէջ...»:
Ռ. Սեւակ
Մեր հայերս ձախողած ենք մեր մեծերն ու արժէքները լաւապէս աշխարհին ներկայացնելու կարեւոր ու անհրաժեշտ պարտաւորութեան մէջ եւ այդ պակասին պատճառով պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ մեծութիւններ պատմութեան էջերուն մէջ մոռցուած ու կամաց կամաց անշքացուցած են: Նման մեծութիւններ են օրինակ՝ Դաւիթ Անյաղթը, Յովհաննէս Պլուզ, Շնորհալի, Որոտնեցի, Առաքել Սիւնեցի, Գրիգոր Տաթեւացի եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Նոր սերունդը զիրենք կը ճանչնայ անունով, սակայն անոնց արժէքին, փիլիսոփայութեան ու մտային կարողութեան համար չնչին կարծիք մը նոյնիսկ չունի:
Որպէսզի աւելի պարզ ու յստակ ըլլայ, թէ ինչպիսի մտածողութեան մասին է խօսքը՝ հետեւեալը օրինակ տամ. տարիներ առաջ կը կարդայի Գրիգոր Տաթեւացիի «Գիրք հարցմանց» աշխատութիւնը (Ցաւ ի սիրտ արեւմտահայերէն աշխարհաբար տարբերակ տակաւին չունինք): Գիրքին մէջ կար այնպիսի հարցերու պատասխաններ, որ մարդ ակամայ զարմանք կ՚ապրի, թէ ինչպէս աւելի քան 6-7 դարեր առաջ Տաթեւացի նման իմացական կարողութիւն ունեցած է անոնց պատասխանը տալու. հարցեր, որոնց պատասխանը մենք եւս մինչեւ օրս չենք գիտեր:
Օրինակ. Տաթեւացի աւելի քան 650 տարիներ առաջ կը բացատրէ, թէ մարդ երբ վախի ազդեցութեան տակ ըլլայ, ինչո՞ւ համար կը դեղնի, իսկ երբ ամչնայ կը կարմրի: Կը բացատրէ, թէ ինչո՞ւ համար մարդու մազերը կ՚աճին, ինչո՞ւ համար կը ճերմկնան եւ ի՞նչն է պատճառը, որ մարդու թարթիչները ամենէն ուշը կը ճերմակին: Այսօր՝ 21-րդ դարուն մենք «ուսեալ»ներս անոնց պատասխանը գիտե՞նք... պարզապէս միտքի աներեւակայելի մեծութիւն մըն են հայ փիլիսոփայութեան մեծերը:
Մի քանի օրեր առաջ բարեկամ մը հարցուց, թէ ինչո՞ւ համար երազներ կը տեսնենք. արդի հոգեբանութեան եւ ուսումնասիրութիւններու դիմելու տեղ ուզեցի դարձեալ հայ փիլիսոփային՝ Տաթեւացիին «Գիրք հարցմանց»ին դիմել, ուր մեծ գիտնականը կը խօսիլ մի քանի տարբեր երազի տեսակներու մասին, իւրաքանչիւրը իր մէջ բաժնուած մի քանի մասերու:
Ա.- ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԵՒ ԴԻՒԱՅԻՆ.- Մեծ Փիլիսոփան առաջին հերթին կը խօսի Աստուածային երազներու մասին, որոնք հայերէն լեզուին մէջ կը կոչուին նաեւ տեսիլք ու յայտնութիւն, այնպէս ինչպէս տեսան Աբրահամը, Յակոբը, Յովսէփը, Դանիէլը եւ ուրիշներ: Ծննդոց գիրքին մէջ կը կարդանք, թէ «Աստուած գիշերը երազի ճամբով Աբիմելէքի մօտ եկաւ ու անոր ըսաւ» (Ծննդոց 20.30). այլ օրինակ մը կը կարդանք Աւետարանի առաջին էջերուն մէջ. «...մինչ այդ մասին կը մտածէր, ահա Տիրոջ հրեշտակը երազի մը մէջ երեւցաւ իրեն (Յովսէփին) եւ ըսաւ...» (Մատթէոս 1.20):
Տաթեւացի կը յայտնէ, թէ այնպէս ինչպէս Աստուածային, նոյնպէս ալ դիւական երազ եւս գոյութիւն ունի, որ «վասն մոլորութեան զանազան երեւմունս ցուցանէ»: Նման երազ մը տեսած էր Պիղատոսի կինը. Աւետարանի մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «մինչ Պիղատոս ատեան նստած էր, կինը լուր ղրկեց իրեն, ըսելով. «Այդ արդար մարդուն հետ գործ մի՛ ունենար, որովհետեւ գիշերը երազիս մէջ իր պատճառով գլուխէս շատ բաներ անցան» (Մատթէոս 27.19):
Մինչեւ օրս մարդիկ իրենց երազներուն մէջ պատգամ կը փորձեն գտնել։ Շատ անգամ հաւանաբար անոնք մտածին երազներ ըլլան ու մենք Աստուածային կարծենք եւ կամ հակառակ՝ Աստուածային ըլլան ու մենք մտածին կարծենք:
Բ.- ԲՆԱԿԱՆ.- Տաթեւացի բնական երազի առաջին պատճառը կը յայտնէ միտքի մնացորդն ու խորհուրդները, որոնք շատ անգամ յիշատակներու հիման վրայ որպէս երազ կեանքի կը կոչուին: Երազի երկրորդ պատճառ կը յայտնէ կարօտը եւ կը բացատրէ, թէ այնպէս ինչպէս անօթին կերակուր, ծարաւը ջուր տեսնել կ՚ուզէ, մարդ եւս իր կարօտը երազի ճամբով կեանքի կը կոչէ: Երրորդ պատճառը (թէեւ տարօրինակ) մարդու մարմնի մէջ եղող կազն է, ինչպէս նաեւ մարմնի մաղձի պակասը, որ արտաքին ազդեցութեամբ՝ ցուրտին կամ տաքին պատճառ կ՚ըլլան, որպէսզի մարդ երազ տեսնէ:
Փիլիսոփան կը բացատրէ, թէ երազները կապուած են նկարագրին. արի մարդուն եւ երկչոտ մարդուն երազը տարբեր կ՚ըլլայ, ինչպէս նաեւ խոհեմին եւ անզգամին, անիրաւին ու բարիին: Երազները մարդկային բնական միտքի ծնունդ չեն, որովհետեւ Տաթեւացի բացատրութեամբ միտքը յստակ եւ առանց տարակուսանքի կը տեսնէ, մինչ երազը տարակուսանք է եւ շատ անգամ անհնար պատկերներ կը գծէ մարդու միտքին մէջ, ինչպէս օրինակ՝ օդէն թռչիլ, ծովու վրայէն քալել եւ այլն։ Իր բացատրութեամբ՝ միտքը նման երազներ չի կրնար տեսնել, որովհետեւ քնելու ժամանակ մարդու միտքը եւս կը քնանայ. միայն ենթագիտակցութիւնն է, որ կ՚աշխատի:
Այս բոլորին ճշմարտութիւնը թող արդի գիտութիւնը ուսումնասիրէ. միայն կ՚ուզեմ ըսել, որ զարմանալի է, թէ դարեր առաջ միտքի ի՜նչ զարգացում պէտք է մարդ ունեցած ըլլայ, որպէսզի խորհրդածէ ու գրէ այս եւ նման բազմաթիւ կենսական հարցերու մասին:
Մենք պարզապէս պէտք է ծանօթանանք եւ մեր նոր սերունդին ծանօթացնենք մեր մեծերու փիլիսոփայական միտքը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԱՐԱՐԱՏ ՂԱՐԻՊԵԱՆ
(1899-1977)
Մեր թուականէն 123 տարիներ առաջ՝ 27 յունուար 1899-ին, Արարատի մարզի Դարղալու գիւղին մէջ ծնած է լեզուաբան, հայագէտ եւ բառարանագիր Արարատ Ղարիպեան:
Ղարիպեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ աւարտելով դպրոցական ուսումը 1923-ին ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1927 թուականին: Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք հետեւած է յատուկ դասընթացքներու, հայագէտ Հրաչեայ Աճառեանի ղեկավարութեամբ մասնագիտանալով հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուղղութեամբ: Միաժամանակ հետեւած է արեւելագէտ եւ հայագէտ ազգութեամբ վրացի Նիկողայոս Մառի դասախօսութիւններուն:
Ուսումի շրջանը ամբողջութեամբ աւարտելէ ետք 1929-1948 թուականներուն որպէս ուսուցիչ եւ դասախօս պաշտօնավարած է Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս, միաժամանակ որոշ ընդհատումներով դասաւանդելով նաեւ Երեւանի, Թիֆլիզի, Պաքուի եւ Լենինականի մանկավարժական կաճառներէն ներս: Եղած է Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի դասախօս, ինչպէս նաեւ հայոց լեզուի բաժանմունքի վարիչ: Դասախօսած է նաեւ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի կաճառէն ներս եւ եղած՝ անոր գրադարանի տնօրէնը: Ղարիպեան զբաղած է հայոց լեզուի պատմութեամբ, հայկական բառարանագիտութեամբ եւ բառարանագրութեամբ: Հեղինակ է դպրոցական դասագիրքերու եւ ձեռնարկներու: Հայաստանի հայկական վարժարաններէն ներս երկար ժամանակ օգտագործուած է Ղարիպեանի հեղինակած 5-6-րդ դասարաններու համար նախատեսուած հայոց լեզուի դասագիրքը: Ղարիպեանի յայտնի գործերէն է «Հայ բառարանագիտութիւնը» ծաւալուն աշխատանքը, ուր ուսումնասիրած է հայկական բարբառները եւ հնչիւնաբանական սկզբունքներով անոր խմբաւորումները կատարած: Իր «Ռուս-հայերէն բառարան» ծաւալուն աշխատանքին շնորհիւ 1968 թուականին արժանացած է պետական մրցանակի
Արարատ Ղարիպեան 1937 թուականին ստացած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի, իսկ 1940-ին տոքթորի գիտական աստիճանը. 1947 թուականին դարձած է Գիտութիւններու ակադեմիայի թղթակից, իսկ 1960-ին՝ լիիրաւ անդամ: Շնորհիւ իր վաստակին՝ 1954 թուականին արժանացած է գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչման, ինչպէս նաեւ պարգեւատրուած է «Աշխատանքային կարմիր դրօշ» շքանշանով:
Հեղինակ է աւելի քան 200 հայագիտական յօդուածներու, ինչպէս նաեւ տասնեակ մը հատորներու, որոնցմէ են «Հայոց լեզուի պատմութեան ուսումնասիրութեան ներածութիւն», «Հայերէնի նորայայտ բարբառների մի նոր խումբ», «Հայոց լեզուի քերականութիւն» եւ այլ աշխատութիւններ:
Լեզուաբանը մահացած է 1 մարտ 1977-ին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 04/29/2025
- 04/29/2025