ԽԻ՛ՍՏ Է ՕՐԷՆՔԸ…
«Dura lex, sed lex». խիստ է օրէնքը, բայց օրէ՛նք է։
«Երկիւղով աշխատեցէ՛ք իրագործելու ձեր փրկութիւնը, որովհետեւ Աստուա՛ծ է, որ ձեր մէջ կը գործէ թէ՛ ուզելը եւ թէ՛ գործելը՝ ի սպաս Իր բարեհաճ ծրագիրներուն». (ՓԻԼ. Բ 12-13)։
Օրէնքը կեանքի կանոն մըն է, հրահանգուած պատկան իշխանութեան կողմէ՝ հասարակաց բարիքին համար։ Բարոյական օրէնքը՝ աստուածային Իմաստութեան գործն է։ Սուրբգրային իմաստով կարելի է սահմանել զայն իբրեւ հայրական ուսուցում, Աստուծոյ դաստիարակութիւն։ Ան կը գծէ մարդուն ուղիները եւ կենցաղի կանոնները՝ որոնք կը տանին դէպի խոստացուած երանութիւնը. ան կ՚արգիլէ Աստուծմէ եւ Անոր սէրէն հեռացնող չարին ճամբաները։ Ան միանգամայն խի՛ստ է իր պատուէրներուն մէջ եւ սիրալիր իր խոստումներուն մէջ, քանի որ ան օրէ՛նք է։
Բարոյական օրէնքը կ՚ենթադրէ բանական կարգը՝ որ Արարչին զօրութեան, իմաստութեան եւ բարութեան կողմէ հաստատուած է արարածներուն միջեւ անոնց բարիքին համար եւ ի նպաստ անոնց վախճանին։
Մարդ կը ձգտի բարութեան, ճշմարտութեան եւ գեղեցկութեան, եւ օրէ՛նքն է որ ճամբան ցոյց կու տայ՝ հասնելու համար նպատակին…
Ամէն օրէնք «յաւիտենական օրէնք»ին մէջ կը գտնէ իր առաջին եւ վերջին ճշմարտութիւնը։
Օրէնքը հռչակուած եւ հաստատուած է բանականութեան կողմէ իբրեւ «մասնակցութիւն» մը կենդանի Աստուծոյ նախախնամութեան՝ որ Արարչին եւ Փրկչին պատկերացումը եւ ներկայութի՛ւնն է, բոլորին հասարակաց բարիքին ուղղուած։
Ահաւասի՛կ, այս բանականութեան կարգաւորութիւնը կը կոչուի «օրէնք», ինչպէս եւ կը սահմանէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ Արդարեւ, բարոյական օրէնքին արտայայտութիւնները բազմազան եւ բոլորն ալ համազօդուած են իրարու. կայ յաւիտենական օրէնքը, որ Աստուծով աղբիւր է բոլոր օրէնքներուն. կայ բնական օրէնքը. կայ յայտնուած օրէնքը՝ որ կը բովանդակէ հին եւ նոր կամ աւետարանական Օրէնքը. կան վերջապէս քաղաքացիական եւ եկեղեցական օրէնքներ։ Իւրաքանչիւրը կը կարգաւորէ կեանքը իր մարզին սահմաններուն մէջ։
Բարոյական օրէնքը իր լիութիւնը եւ միութիւնը կը գտնէ Քրիստոսի մէջ։ Յիսուս Քրիստոս Ինքն, անձա՛մբ ուղին է կատարելութեան, ճշմարտութեա՛ն։ Քրիստոս Ի՛նքն է վախճանը օրէնքին, որովհետեւ միա՛յն Ինք կ՚ուսուցանէ եւ կու տայ Աստուծոյ արդարութիւնը. «որովհետեւ օրէնքին նպատակը Քրիստոս Ի՛նքն է, արդարացումը՝ ամէն հաւատացեալին». (ՀՌՈՄ. Ժ 4)։ Արդարեւ, Քրիստոսով օրէնքը վերածուած եւ փոխուած է շնորհքի…
Մարդը կը մասնակցի իմաստութեան եւ բարութեան Արարչին, որ կու տայ անոր իր արարքներուն տիրապետելու եւ ինքզինք կառավարելու կարողութիւնը ճշմարտութեան եւ բարիին հասնելու համար։ Բնական օրէնքը կ՚արտայայտէ սկզբնական բարոյական իմաստը՝ որ թոյլ կու տայ մարդուն իր բանականութեամբ զանազանելու ի՛նչ որ բարի է եւ չար, ի՛նչ որ ճշմարտութիւն է եւ սուտ։
Բնական օրէնքը գրուած եւ փորագրուած է հոգիին մէջ բոլոր մարդոց եւ մարդոց իւրաքանչիւրին, քանի որ ան մարդկային բանականութի՛ւնն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 24, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 05/01/2025
- 05/01/2025