ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (Ա.)

Յաճախ կը բողոքենք ու կը քննադատենք, թէ Հայաստանի մէջ այսօր, նոյնիսկ պետական մակարդակի վրայ հայերէն շատ մը բառերու փոխարէն կը գործածուի ռուսերէն եւ օտար բառեր: Սակայն այդ մէկը միայն Հայաստանի համար յատուկ չէ. կամայ թէ ակամայ մարդ իր շրջապատէն ազդուելով իր մայրենի լեզուն կ՚աղաւաղէ. Լիբանանի կամ Սուրիոյ մէջ ապրող հայը արաբերէն, Ամերիկա ապրողը՝ անգլերէն եւ Պոլիս ապրողը բնականաբար թւրքերէն բառեր պիտի խառնէ իր առօրեայ խօսակցութեան մէջ: Այս երեւոյթը վերջին տարիներու յատուկ բան մը չէ եւ կը կարծենք մեծագոյն փաստը 1874 թուականին Յովսէփ Մալէզեանի կողմէ պատրաստուած «բառատետր»ն է. աշխատութիւն՝ որուն նպատակն էր առօրեայ խօսակցականէն դուրս հանել բոլոր օտար բառերը եւ անոնց տեղ օգտագործել մաքուր հայերէնը:

Ամէն ժամանակաշրջան ձեւով մը կ՚ուզէ ճոխացնել ու բարելաւել իր լեզուն, սակայն այդ բարելաւումը շատ անգամ իր հետ կը բերէ նաեւ օտար ազդեցութիւններ՝ որոնցմէ ազատիլը այնքան ալ դիւրին չ՚ըլլար:

Զարթօնքի սերունդը եւս՝ որ մեր գրականութեան լաւագոյն ժամանակներէն մին կարելի է նկատել, իր մէջ ունէր այդ աղաւաղումը: Նոյնիսկ Յակոբ Օշական, որ հայ գրականութեան տիտաններէն մէկը կարելի է նկատել, իր աշխատութիւններուն մէջ կը գործածէ բազմաթիւ օտար բառեր:

Այդ թուականներուն Յովսէփ Մալէզեան կը պատրաստէ բառարան մը՝ օտար բառերու եւ անոնց դիմաց կ՚առաջարկէ օգտագործել հայերէն տարբերակը:

Ա.- ԱԶԱՊ

Մալէզեան այբբենական կարգով առաջին օտար բառը կը յիշէ «ԱԶԱՊ» բառը, որ տեղ գտած է մեր երգերուն, բանաստեղծութիւններուն եւ գրական տարբեր աշխատութիւններու մէջ: Օրինակը աւելի պարզ դարձնելու համար յիշենք Յակոբ Օշականի «Երբ պատանի են» աշխատութեան այս տողերը. «Շատ ենք մենք, կայ ԱԶԱՊ աղջիկը՝ հիւանդ աչքերով, պառաւ աղջիկը՝ կաշի երեսով»: Յակոբ Օշական «ազապ» բառը կը գործածէ նաեւ իր «Մնացորդաց» աշխատութեան մէջ:

Յայտնենք, թէ «ազապ» բառը գործածած է նաեւ Գրիգոր Տաթեւացի, իր «Գիրք հարցմանց»ին մէջ։ Տաթեւացի այդտեղ հարց կու տայ. «Թէ կնոջ տէ՞ր էր յորժամ մեղանչեաց թէ ազապ էր»։ Տաթեւացիի այս արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, թէ շատ շատ աւելի հին ժամանակներէն կու գայ լեզուի աղաւաղումը, որովհետեւ այնպէս ինչպէս մշակոյթը, նոյնպէս ալ լեզուն ուրիշին ազդեցութիւնը կը կրէ:

Մալէզեան «ազապ» բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ ԱՄՈՒՐԻ բառը:

Բ.- ԱՃԱՊԱ

Այս բառը մինչեւ օրս կարելի է լսել շատ մը պոլսահայերու կողմէ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի տարածքին ապրող շատերու կողմէ՝ որոնք լաւապէս կը տիրապետեն թրքերէն լեզուին: Կարելի է շատ շատ օրինակներ յիշել աճապա բառով.

Լեւոն Բաշալեան «Նոր զգեստը» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «ԱՃԱՊԱ էրթամ էզաճին կանչե՞մ»:

Երուխան իր «Ամիրային աղջիկը» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «ԱՃԱՊԱ խենթեցա՞ւ քի բեստիլճին կը կանչէ կոր»:

Շահան Շահնուր «Նահանջը առանց երգի» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «ԱՃԱՊԱ շէ՞ն մի սին»:

Յովսէփ Մալէզեան աճապա բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ ԱՐԴԵՕՔ բառը:

Գ.- ԱՍԼԱՆ

Ասլան բառը աւելի շատ կը տեսնենք տաղերու եւ առակներու մէջ. այդ բառը մինչեւ օրս որպէս քաջալերանք կը գործածուի հայերու կողմէ: Ասլան բառը կրնանք տեսնել հետեւեալ գրողներուն մօտ.-

Գարեգին Սրուանձտեանցի «Անխելք մարդը» առակին մէջ կը կարդանք. «Կ՚երթայ, կ՚երթայ, կը տիսնայ‚ որ ճամհու վերէն ասլան մի նստէ»։

Ասլան բառը կրնանք տեսնել Սայաթ Նովայի շատ մը երգերուն մէջ. օրինակի համար, ան իր երգերէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Վուր աղվեսըն - «ասլան բասան իմէ, կոսէ»:

Յովսէփ Մալէզեան ասլան բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել մաքուր ԱՌԻՒԾ հայերէն բառը:

Դ.- ԱՄՈՒՃԱ

Ամուճա բառը ունի իր մաքուր հայերէն տարբերակը, սակայն չես գիտեր ինչու շատ մը գրողներ հայերէնի փոխարէն գործածած են ամուճա տարբերակը: Հաւանաբար գրութեան անկեղծութիւնն ու իրապաշտութիւնը պահելու համար նախընտրած եւ գործած են այն՝ ինչ որ ժողովուրդը վարժուած է եւ կը գործածէ իր առօրեայ աշխատանքին ընթացքին:

Օրինակի համար, Արփիար Արփիարեան իր «Ոսկի ապրջան» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «աս առտու ԱՄՈՒՃԱդ ալ քեզի համար ուշ պիտի երթայ»:

Զապէլ Եսայեան իր «Սիլիհտարի պարտէզները» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Իրիկունը ԱՄՈՒՃԱն առանձին կը վերադառնար»։

Յովսէփ Մալէզեան ամուճա բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել հօրեղբայր բառը:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -315-

Երէկ առեւտուրի համար խանութ մը մտայ. սփիւռքահայ աղջիկ մը ինքնավստահ ձեւով ներս մտաւ եւ սովորական հայերէն մը խօսելու ինքնավստահութեամբ հետեւեալը խնդրեց.

-Բարեւ, ձեր քով «ֆըշ-ֆըշ» ունի՞ք:

Աշխատակիցները շուարած իրարու նայեցան. շուարեցաւ նաեւ սփիւռքահայ աղջիկը եւ զարմացաւ, թէ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ «ֆըշ-ֆըշ»ին ինչ ըլլալը չգիտնան:

Սփիւռքահայ աղջիկը տեսնելով որ «ֆըշ-ֆըշ»ին ինչ ըլլալը չեն գիտեր, իր միտքը աւելի պարզաբանեց, ըսելով «սփըրէյ»: Տեսարանը հեռուէն ողբալի էր. հայը, մայր հողի վրայ միւս հայուն ըսածը չէր հասկնար...: 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2023