ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԵԾ ԹՂԹԱԾՐԱՐ

Արցախի զարգացումները կը շարունակեն մնալ կիզակէտային։ Վերջին օրերու լարուածութիւնները արդէն իսկ ցոյց կու տային, որ իրավիճակը նոյն կերպով պիտի չշարունակուի։ Հիմա արդէն կը խօսուի նոր շրջանի մը մասին, որ սկիզբ առաւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականով։ Սա յաղթանա՞կ մըն է, թէ նոր պարտութիւն մը… Ան ժողովուրդին կողմէ ընտրուած էր 2020 թուականին։ Հիմա այլեւս Արցախը պիտի չունենայ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած նախագահ։ Շատ հաւանաբար յաջորդէ նոր պետական նախարար նշանակուած Սամուէլ Շահրամանեան, որ Արցախի նախկին նախագահ Բակօ Սահակեանի մտերիմներէն կը համարուի։

Արցախի ներքին տինամիքները կը բանան հարցումներու մեծ թղթածրար մը։ Ինչո՞ւ Արայիկ Յարութիւնեանի դէմ արշաւը թէժացաւ՝ մանաւանդ այս փուլին եւ ինչո՞ւ խորհրդարանէն ներս իր «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութիւնով մեծամասնութեան տէր Արայիկ Յարութիւնեան այսքան արագ տեղի տուաւ եւ ընդունեց, որ իր հեռանալու ժամանակը եկած է։ Ան հրաժարելէ առաջ խորհրդարանէն անդրադարձած էր աշխարհաքաղաքական այն բարդ պայմաններուն, որոնց ո՛չ միայն ականատեսը կը դառնայ Արցախ աշխարհը, այլեւ կ՚ազդուի այդ բոլորէն։ «Այսօր աշխարհի մէջ ձեւաւորուած աշխարհաքաղաքական անկայուն վիճակը, տարածաշրջանային իրադարձութիւններն ու կանխատեսումները, Արցախի եւ անոր շուրջ նկատուած երեւոյթները, Արցախի ներքին քաղաքական մթնոլորտը ուղղակիօրէն կը յուշեն, թէ անհրաժեշտ է մօտեցումներու ու քայլերու փոփոխութեան, ճկունութեան դրսեւորումը։ Այս բանին հասնելու համար Արցախի մէջ անհրաժեշտ է հիմնական դերակատարներու փոփոխութիւն՝ սկսեալ ինձմէ», համոզուած էր ան։

Այս բոլորի լոյսին տակ պարզ է, որ Արցախի իրադարձութիւնները միայն ներքին բնոյթ չունին՝ ներառեալ Յարութիւնեանի հրաժարականը։ Ամէն ինչ ուղիղ համեմատութեան մէջ է Հարաւային Կովկասի առկայ հաւասարակշռութիւններուն հետ։ Հարցումները, անշուշտ, շատ են, բայց հիմնականը հետեւեալն է. ո՞վ պիտի օգտուի այս բոլորէն եւ ի՞նչ նպատակով՝ ցարդ Արցախի լուսանցքային համարուող ուժերը շատ արագ քայլով մը յառաջիկային համար ամրացուցին իրենց դիրքերը։

Արցախի մէջ կայ առնուազն հիմնական չորս խաղացողներ։ Մինչեւ իր հրաժարականը անոնցմէ մին Արայիկ Յարութիւնեանն էր՝ կուսակցութիւնով, քաղաքական անցեալով եւ վարչապետի պաշտօն վարած ժամանակներէն կուտակած միաւորներով։ Յար եւ նման միւսներուն, ան սուրբ մը չէր։ Իր անունին շուրջ կային ըսի-ըսաւներ եւ ամենակարեւոր ժխտական փաստն էր՝ պատերազմի մէջ պարտուած նախագահ մը ըլլալը։ Երկրորդը՝ մինչեւ վերջերս որոշ չափով ստուերային ուժ կը համարուէր։ Սա նախկին նախագահներ՝ Արքատի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի եւ անոնց շուրջ բոլորուած զինուորական գործիչներու թեւն է։ Երրորդ եւ չորրորդ ուժերն են՝ Արցախի առաջին պատերազմին մասնակից Սամուէլ Պապայեանն ու Դաշնակցութիւնը, որ ատեն-ատեն սերտ գործակցութիւն ունեցած է թէ՛ Արայիկ Յարութիւնեանին եւ թէ անոր նախորդած նախագահներուն ու մնացեալ բոլորին հետ։ Պէտք չէ մոռնալ նաեւ Ռուբէն Վարդանեանը, որ բաւական առեղծուածային պայմաններով մեկնեցաւ Արցախ եւ ստանձնեց պետական նախարարի պաշտօնը։ Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ ան կը շարունակէ համարուիլ Մոսկուայի «թիւ մէկ մարդ»ը։ Վարդանեան ձեւով մը եղաւ Պաքուի ծանր ճնշումներուն զոհը, երբ զրկուեցաւ իր պաշտօնէն՝ անցաւ Արայիկ Յարութիւնեանի դէմ ճակատ յարդարածներուն կողմը։ Ահա այս հաւասարակշռութիւններուն մէջ Յարութիւնեան լքեց Արցախի ղեկը՝ տեղ մը ստեղծելով ուրախութեան ալիք ու տեղ մըն ալ մտահոգութեան ծանր թաղանթ մը նետելով։

Տարածաշրջանային կարեւոր իրադարձութիւններուն զուգահեռ՝ հարկ է շեշտել, որ Արցախի առկայ իրավիճակը հորիզոնական գիծով մը, յաճախ անտեսանելի կապ մը եւ աւելին առընչութիւն մը ունի Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին հետ, որ դադար չ՚ունենար ու կը շարունակուի անորոշ հունի մը մէջ։ Ռուսաստան, որ տարբեր ուղղութիւններու վրայ ծանր հարուածներ կը ստանայ, երկար ժամանակէ ի վեր կը գիտակցի, թէ Հայաստանի հասարակական շրջանակաները չունին իրեն նկատմամբ նախկին վերաբերմունքը։ Պատերազմէն վերջ Հայաստանի մէջ ձեւաւորուեցաւ ընդհանուր կարծիք մը, ըստ որու, ինչ որ ալ ըլլան պայմաններն ու իրավիճակները՝ Արցախի ժողովուրդը գոհ ու մանաւանդ՝ անվտանգ կերպով պիտի շարունակէ իր կեանքը պապենական հողին վրայ։ Այդ օրերուն էր նաեւ, որ անհասկնալիօրէն շրջանառութեան մէջ դրուեցան պնդումներ, ըստ որոնց Ռուսաստան մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք տարած էր իր հետ, հետեւաբար խաղաղապահի տեսքով տարածաշրջան հասած ուժերը պիտի ունենային նաեւ այլ գործառոյթ մը։ Բայց, օրերը թաւալեցան, վիճակները ծանրացան, անորոշութիւնը մեծցաւ ու Պաքու տագնապը հասցուց շատ աւելի բարդ փուլի մը, որն է Արցախի առկայ համընդհանուր պաշարումը։

Արդէն բոլորին յայտնի է իրադարձութիւններու ողբերգական ընթացքը, երբ օրը ցերեկով Ատրպէյճանի զինուորները ո՛չ միայն ապօրինի անցակէտ մը տեղադրեցին Հակաարի կամուրջին վրայ, այլեւ ռուս խաղաղապահներուն աչքերուն մէջ նայելով առեւանգեցին Արցախի վատառողջ բնակիչներէն մին, նաեւ իրենց առաքելութիւնը «պսակեցին» երեք երիտասարդներու առեւանգումով ու անոնց վարչական պատիժի ենթարկումով։ Ոեւէ մէկը այս բոլորը դիտարկելէ, նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի Արցախի համար գումարած նիստին ժամանակ Ռուսաստանի ներկայացուցիչին «ոչ տաք, ոչ պաղ» խօսքը լսելէ ետք կրնայ համոզուիլ, թէ Ռուսաստանի դիրքերը շատ թուլացած են Արցախէ ներս։ Այս բոլորէն կարելի է հետեւցնել, որ Արցախի այժմու դէպքերը, Արայիկ Յարութիւնեանի հեռանալը ու նոյնիսկ այս հրաժարականէն բխելիք իրադարձութիւնները կրնան ռուսական ձեռագրի մը հետքերը ըլլալ։ Անշուշտ, կարելի չէ փաստել այս վարկածը, սակայն կան միտումներ, թէ Ռուսաստան կը զգայ իր ոտքերուն տակի աւազին խախուտ ըլլալը, ուստի կրնայ դիմել նման քայլի մը։ Ան կրնայ ձգտիլ նախ օրակարգը փոխելու, յետոյ ալ նոր իշխանութիւններուն կարգ մը խոստումներ տալու։

Այստեղ արդէն ի յայտ կու գայ երկրորդ վարկած մը, որուն մասին յաճախ կը խօսին՝ յատկապէս Հայաստանի իշխանութիւններուն մերձակայ շրջանակները։ Այսպէս, Արցախի իրադարձութիւնները հողային սահանքի նման պիտի հասնին մինչեւ Երեւան ու որոշակիօրէն մարած ընդդիմութիւնը ոտքի հանելով՝ պիտի ստեղծեն իշխանափոխութեան ընդհանուր պայմաններ եւ կամ նեղ կացութեան պիտի մատնեն վարչապետ Փաշինեանի վարչախումբը՝ որոշ զիջումներ ապահովելու համար։ Չի բացառուիր, որ այդ զիջումները կապ ունենան այն ծածկագիր-ծրագիրներուն հետ, որոնք պաշտօնապէս Երեւանի մտքին մէջ են ու կ՚ենթադրեն Արցախէ ներս ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ խաղաղապահ ուժերու տեղադրումը։ Սա է Ռուսաստանի մեծագոյն վախը, նաեւ Հարաւային Կովկասէն հեռացուելու մտահոգութիւնները այս ժամանակներուն այժմէական դարձած են աւելի քան երբեք։

Արայիկ Յարութիւնեանի իշխանութենէն հեռանալը տեղ կը գտնէ այս համայնապատկերին վրայ՝ հաշուի առնելով նաեւ, որ ցարդ յստակ չէ, թէ իշխանութիւնը ստանձնելիք ուժերը պիտի ունենա՞ն Ռուսաստանի նեցուկն ու աջակցութիւնը՝ Արցախը մահաբեր պաշարումի օղակէն դուրս բերելու համար։ Այս հարցումը առաւելաբար պէտք է ուղղուի Ռուսաստանին, որ 2020 թուականէն սկսեալ ամենաթողութեան վիճակ ստեղծած է տարածաշրջանէն ներս՝ ոչ միայն իր արեւով երդուող Արցախի ժողովուրդը, այլեւ Հայաստանը, որ երեք տասնեակէ ի վեր կը հանդիսանար իր ռազմավարական դաշնակիցը։

Բազմաթիւ հարցումներու պատասխանները տակաւին չկան, բայց յաջորդ օրերը շատ աւելի յստակ պիտի դարձնեն վիրաւոր Արցախի ընդհանուր պատկերը։

*

ՄՈՒԹԻՆ ՄԷՋ ՔԱԼԵԼ…

Զարմանալի է, անշուշտ, որ մինչեւ այս պահը Հայաստանի ընդդիմութեան լայն շրջանակներ չեն կարողացած հասկնալ, թէ որեւէ հանրահաւաքի ժամանակ նախկին նախագահներուն երեւումը համազօր է սեփական ոտքերուն վրայ կրակելու։ Հազիւ ընդդիմութիւնը ոտքի կը կանգնի՝ անցեալին գլխաւոր դեր ստանձնած ղեկավար դէմքեր կու գան ծանր հարուած հասցնելու անոր քայլերուն. հարուածներ, որոնք դիտողը, Հայաստանի հասարակութեան մեծ տոկոսը, անկախ շրջանակներ ու ցարդ չկողմնորոշուածներ կը սկսին մտածել, թէ ընդդիմութիւնը կը քալէ մութին մէջ՝ առանց կողմնորոշուելու եւ առանց գիտնալու իր վաղուան ընելիքները։

Երեւանի մէջ, շաբաթավերջին, Ազատութեան հրապարակին վրայ, Արցախի Անկախութեան տարեդարձին առթիւ ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքը անխուսափելիօրէն առթեց այս մտածումները։ Ոմանք գոհ էին հաւաքուած ցուցարարներու քանակութեամբ։ Ոմանք յայտնեցին, որ ակնկալութիւններ չունէին հանրահաւաքէն։ Անոնք համոզուած են, թէ Արցախի համար Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ համախմբուածները, մեծ հաշուով, հիասթափուած են։ Շուրջ 10 հազար ցուցարարներ՝ որոնց համար էական հարցը Արցախի ժողովուրդին ծանր վիճակն էր, լսեցին նաեւ քաղաքական պատգամներ, որոնց գլխաւորն էր՝ ներկայ վարչախումբի անպայման հեռանալը, որպէսզի ընդդիմութիւնը կարողանայ Արցախի հարցին բարւոք լուծում մը տալ։

Այստեղ կան քանի մը կարեւոր նրբութիւններ, որոնցմէ ի յայտ կու գան աւելի էական հարցադրումներ։ Նա՛խ, Հայաստանի հասարակութեան մեծամասնութիւնը ի՞նչ սկզբունքներով կը նայի Արցախի խնդրին։ Անշուշտ, կասկածէ վեր է, որ Հայաստանի ոեւէ քաղաքացի, ոեւէ հայ կը յուսայ եւ կ՚ուզէ բան մը ընել, որպէսզի օր առաջ Արցախի պաշարումը վերջանայ ու մարդիկ վերադառնան իրենց բնականոն կեանքին։ Բայց, նոյն թնդութեամբ չէ, որ Հայաստանի հասարակութեան մեծամասնութիւնը կ՚ընկալէ կամ կը մարսէ, թէ Արցախի հարցին լուծումը հնարաւոր է բացառապէս շնորհիւ այն ուժերուն, որոնք հաւաքուած էին Ազատութեան հրապարակին վրայ։

Պատերազմին յաջորդած մեծ հիասթափութիւնը կը շարունակէ մնալ գերակշիռ։ Այդ հիասթափութեան հիմնական շեշտադրումներէն մին հետեւեալն է. «Այդ մարդիկ՝ նախկին իշխանութիւնները ո՞ւր էին եւ ինչո՞ւ իրենց իշխանութեան տարիներուն հետամուտ չեղան լուծելու Արցախի հարցը։ Այս յստակ մեղադրանքէն անդին՝ կար նաեւ այլ հարցում մը, որ կը վերաբերէր նախապատերազմեան վիճակին ու նոյնիսկ պատերազմի թէժ փուլին։ Ի վերջոյ, ինչո՞ւ եւ ի՞նչ նպատակներով Սերժ Սարգսեան այդքան հեզասահ իշխանութիւնը յանձնեց Նիկոլ Փաշինեանին։ Ան շատ լաւ կը հասկնար, թէ Երեւանի այդ ժամանակուան ցոյցերը հաշտ աչքով պիտի չդիտուէին Ռուսաստանի կողմէ, որ Հայաստանի միակ ռազմավարական դաշնակիցը կը համարուէր։ Կամ, աւելի՛ն, ինչո՞ւ, օրինակ, Ռոպերթ Քոչարեան փողոց չիջաւ կամ հրապարակաւ չքննադատեց՝ պատերազմի առաջին օրերուն իշխանութեան կողմէ հնչած ռազմատենչ եւ հրահրիչ յայտարարութիւնները։

Այս բոլորը կարեւոր նրբութիւններ են, որոնք շատերու կողմէ կը համարուին բանալի՝ հասկնալու համար, թէ ի վերջոյ ովքե՞ր, ի՞նչ պայմաններու ներքեւ կը սպասէին Նիկոլ Փաշինեանի պարտութեան մեծ պատերազմին մէջ։ Սա, խորքին մէջ, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պարտութիւնն էր եւ իւրաքանչիւր հայ այստեղ ունի իր պատասխանատուութեան բաժինը։

Այս համայնապատկերին վրայ տեղի ունեցաւ շաբաթավերջի հանրահաւաքը, որ հանրային կարծիքի մեծամասնութեան աչքին վերածուեցաւ իշխանափոխութեան համար պայքարի մը, որու հիմքին, անշուշտ, Արցախի տագնապալի իրականութիւնը փոխելու ճիգը կար։ Բայց, այդ ճիգը կամաց-կամաց փոշիացաւ, որովհետեւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներէն ոեւէ մէկը չեղաւ սրտացաւ, չներկայացուց առաջարկ մը կամ չխօսեցաւ ճանապարհային քարտէսի մը մասին, որու շնորհիւ կարելի կրնար ըլլալ Արցախի իրադրութիւնը աւելի տանելի դարձնել։

Այս բոլորի առընթեր, ըստ երեւոյթին, Արցախի վերջին իրադարձութիւններն ալ ուրախութիւն կը պատճառեն եւ յոյս կը ներշնչեն Հայաստանի ընդդիմութեան ղեկավարներուն։ Այդ քայլերուն մէջ անոնք թերեւս լսած ըլլան կամ կ՚ենթադրեն, թէ կը գործադրուի ռուսական ծրագիր մը, որ կ՚ունենայ շարունակութիւն եւ որուն Ստեփանակերտի մէջ դրուած հունտերը կրնան ծաղկիլ Երեւանի մէջ։ Ի վերջոյ, ոչ ոք կրնայ դէմ ըլլալ յոյսի մը պատուհանի բացման՝ պայմանաւ, որ այդ յոյսը ծառայէ ո՛չ թէ Ռուսաստանի շահերուն, Արեւմուտքի որոնումներուն կամ Ռուսաստանը Հարաւային Կովկասէն հեռացնելու միտումներուն, այլ միայն ու միայն ծառայէ Արցախի ժողովուրդի փրկութեան, երբ սովամահութիւնը արդէն դուռը կը թակէ։

Յառաջիկայ օրերը կրնան շատ աւելի պարզ դարձնել ընդհանուր պատկերը՝ մանաւանդ, որ Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն ինքնավստահութեան զուգահեռ՝ լսելի կը դառնան վարչապետ Փաշինեանի բերնէն ուշագրաւ յայտարարութիւններ, որոնք բացայայտ կրակոցներ կ՚ուղղեն Ռուսաստանի դերին, ռուսական կողմին, նոյնիսկ ՀԱՊԿ-ին: Ըստ երեւոյթին, գնդակը նետուած է Ռուսաստանի դաշտը եւ անոր ապագայ յայտարարութիւնները կամ լաւագոյն պարագային հաւանական քայլերը աւելի պիտի բիւրեղացնեն, թէ ընդդիմութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ շարունակել իր երթը, ի՞նչ ճակատագիր պիտի ունենան Երեւանէն եւ Փարիզէն Ստեփանակերտ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարներու շարասիւնները, որոնց նպատակը ներկայ պահուն Արցախի խնդրին համար յարմար վիճակ մը ստեղծելն է՝ մինչեւ ակնկալուած աւելի պայծառ օրերու երեւիլը։

*

ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԼՈՒՐՋ ԹԱՓՈՎ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր բազում վերլուծաբաններ միշտ կ՚ընդգծեն, որ իրադարձութիւններուն մէջ առանցքային նշանակութիւն ունէին ճանապարհներու, կապի, հաղորդակցութեան խնդիրները։ Այս կէտէն սկսեալ «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին կը բարձրաձայնուէր՝ յաճախ տարածաշրջանային ազդեցութեան լծակներու տէր դերակատարներու հաւանութեամբ։ Իրանը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, հեռաւոր Հնդկաստանն ու Չինաստանը դէմ էին Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի, բայց մանաւանդ՝ Թուրքիոյ կողմէ հետապնդուած այս ծրագրին։ Զանազան փուլերու մէջ մոլեգնած այս ծրագիրը յաճախ քուլիսներէ ներս քննարկման նիւթ դարձաւ՝ յատկապէս շուրջ տարի մը առաջ, Ջերմուկի մէջ պատահած ռազմական գործողութեան ժամանակ։ Անգարա մեծ աշխուժութեամբ կը խօսէր այս մասին՝ թէեւ նկատելով, որ ծրագիրը տարածաշրջանէն ներս համախմբող բնոյթ մը չունի։ Ան յաճախ նետեր արձակեց Իրանի վրայ, որ պաշտօնապէս մեծ եւ խորհրդաւոր լռութիւն մը պահեց։

Բացի այս մեծ ճանապարհային ծրագրէն, վերջին շրջանին՝ մասնաւորապէս Պաքուի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ Աղտամի (հայերէնով՝ Ակնա) ճանապարհի հարցը։ Այս նիւթը աւելիով աշխուժացաւ, երբ Պաքու ի պատասխան Երեւանի՝ Լաչինի միջանցքով դէպի Ստեփանակերտ մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկելու քայլին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի Կարմիր մահիկի մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարները հասած են Աղտամի ճանապարհի սկիզբը։ Պարզ է, որ Արցախ չընդունեց այդ «օժանդակութիւն»ը, բայց եւ այնպէս, Ատրպէյճան այդ քայլով հակադարձեց Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախաձեռնութիւններուն։ Այս փաստերուն վրայ եկաւ աւելնալ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի յայտարարութիւնը։ Ան չհերքեց ճանապարհներու կարեւորութիւնը, նաեւ առաջարկեց, որ այդ երկու ճանապարհները բացուին նոյնաժամանակ։

Այս բոլորը, անշուշտ, ցոյց կու տան, որ Արցախի շուրջ որեւէ բանակցութիւն պիտի ներառէ ճանապարհներու, հաղորդակցութեանց եւ կապերու հիմնարար խնդիրները։ Ճիշդ է, որ Արցախ այսօր պաշարուած է, բայց եւ այնպէս, երբ անգամ մը այս հարցը լուծուի, Արցախի մարմինները պարտաւորուած պիտի ըլլան մտածել ցամաքային ճանապարհներու կարեւորութեան մասին։ Սա անհրաժեշտ պիտի ըլլայ, որպէսզի ապագային չկրկնուի այս տագնապը, զոր այսօր կը դիմագրաւեն իրենք։ Ճանապարհներու, ցամաքային կապերու, հաղորդակցութեան եւ այլ խնդիրներու մասին կարելի է խօսիլ միայն Հայաստան-Ատրպէյճան հաւանական խաղաղութեան մթնոլորտին մէջ, փոխադարձ վստահութեան հասունացման պարագային։ Այլապէս, եթէ այսօր Ատրպէյճանն է, որ գործի կը մղէ ճանապարհներու պատերազմը, ապա, հաւանական նոր հաւասարակշռութիւններու ձեւաւորման պարագային վաղը նոյնը ընելու կարելիութիւն կրնայ ծնիլ Հայաստանի համար։ Հասկնալի է, որ յարատեւ պատերազմներու մթնոլորտին մէջ որեւէ ճանապարհ կամ որեւէ հաղորդակցութեան միջոց չի կրնար ապահովել, որ Հարաւային Կովկասը ապրի լիարժէք խաղաղութեան ժամանակ մը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2023