ԵՐԲԵՄՆ

Երբեմն, 
Ուխտաւորի սրտի նման, վաղուան արեւս պատրաստեցի
Գրիչէս փախած աղաղակներով, գլուխս յոյսի քարերուն զարկի,
Եւ ինքնութիւնս որոնեցի, որպէսզի կեանքին՝ անկոչ հիւր չմնայի։

Երբեմն,
Իբրեւ նոր դաշտանկար, տարիներուս չհասունցած սէրերս հաւաքեցի,
Պարզ բառերու շարանով, դէպքերուն սեւն ու ճերմակը խառնեցի,
Եւ մտովի նոր յոյսեր հիւսեցի, որպէսզի կեանքին՝ անկոչ հիւր չմնայի։ 

Երբեմն,
Հոգիէս փրթած բեկորներով, ինքնութիւնս երկար որոնեցի, 
Տաղտկալի կրկներգի նման, մեղքերուս օրերս համրեցի,
Եւ յոյս եւ հաւատք փնտռեցի, որպէսզի կեանքին՝ անկոչ հիւր չմնայի։

Ու երբեմն,
Մեղաւորի ու անմեղի դէմքով եւ միշտ ինքզինքս պրպտելով,
Երազի եւ իրականութեան սահմաններէն մեղաւորի դէմքով անցնելով,
Վերապրելու կամքս նորոգեցի, որպէսզի կեանքին՝ անկոչ հիւր չմնայի։ 

Ու վերջապէս, որպէսզի 
Հեքիաթային երազանքներու աշխարհի մէջ յոյսերուս տաճարը չփլի,
Երբ արեւին պէս պայծառ ե՛ւ բոլորին վարակիչ ապրումներս նուիրեցի,
Քարացած մտայնութիւններու հանդիպելով, կեանքին՝ անկոչ հիւր մնացի։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024