ԱՔԱՐ-ՇՈՅԿՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները առաջնահերթօրէն շօշափեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին վերաբերեալ զանազան հանգամանքներ։ Հուլուսի Աքար շեշտեց, որ մեծապէս կարեւոր է Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ դիւանագիտական լուծում մը գտնելու ճանապարհին հրադադարի մը հաստատումը։ Ան շեշտեց, որ քաղաքային բնակչութեան ցամաքէն կամ ծովէն անվտանգ ձեւով տարհանումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ մասնաւորապէս Մարիուփոլի պարագային։

Հուլուսի Աքար պաշտօնակցին հետ զրուցելու ժամանակ դիտել տուաւ, որ Թուրքիա կը ջանայ մարդասիրական օժանդակութեան ուղղութեամբ ամէն տեսակ աջակցութիւն ցոյց տալ եւ պիտի շարունակէ իրեն վիճակածը կատարել՝ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման համար։

Ուրբաթ, Ապրիլ 8, 2022