ՀՐԱՏԱՊ ՕՐԱԿԱՐԳ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ հանդիպում մը ունեցան Ռիատի մէջ, ուր քննարկեցին միջազգային հրատապ օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Ֆիտան եւ Պլինքըն Ռիատի մէջ կը գտնուէին՝ Կազզէի տագնապի յաղթահարման ուղղեալ Շփման խումբի ժողովին առթիւ։ Ծանօթ է, որ այս խումբը ձեւաւորուած է Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ Եւրոմիութեան կողմէ։

Ռիատի հաւաքին մասնակցելու զուգահեռ՝ Հաքան Ֆիտան ունեցաւ երկկողմանի շարք մը հանդիպումներ, որոնց կարգին առանձնապէս ուշագրաւ էր Էնթընի Պլինքընի հետ կազմակերպուածը։ Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներուն, Պլինքընի հետ զրուցելու ընթացքին Ֆիտան նշեց, որ Կազզէի մէջ սպանդները պէտք է ժամ առաջ դադրին, մշտական հրադադար պէտք է հաստատուի եւ Իսրայէլի վրայ ճնշում պէտք է բանեցուի, որպէսզի մարդասիրական օժանդակութիւնները տեղ հասնին։ Բաց աստի, Ֆիտան եւ Պլինքըն անդրադարձան նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի ընթացքին վերաբերեալ հարցերու։

Ըստ միջազգային աղբիւրներուն, համաշխարհային յառաջատար դերակատարները Կազզէի տագնապի կարգաւորման համար նոր առաջարկ մը ներկայացուցած են։ Պլինքընի բնորոշմամբ՝ այդ առաջարկը բաւական առատաձեռն կը համարուի «Համաս»ի տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2024