ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Ենիգիւղի Փանաիա յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական յատկանշական ձեռնարկ մը, որու ընթացքին ոգեկոչուեցաւ բանաստեղծ Քոնստանդինոս Քաւաֆիս (1863-1933)։ Յունական արդի բանաստեղծութեան տիտաններէն մին է Քաւաֆիս, որու ծննդեան օրը առիթ դարձաւ իր համար ոգեկոչումի մը կազմակերպման։ Նկատի ունենալով, որ ան իր կեանքին մէկ մասը Ենիգիւղի մէջ անցուցած էր՝ տեղւոյն յունաց եկեղեցւոյ համալիրէն ներս զետեղուած է իր կիսանդրին։

Բանաստեղծ Քաւաֆիսի ոգեկոչման առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հիւրընկալ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նիքօ Քալամարիս եւ գործակից ընկերները, թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետը՝ Լաքի Վինկաս, Եւրոմիութեան Թուրքիոյ առաքելութեան խորհրդականներէն Սեմա Քըլըչէր, բազմաթիւ արուեստագէտներ եւ Ենիգիւղի բնակիչներ։

Յայտագիրը սկսաւ կիսանդրիին առջեւ, ուր Մարինա Մինաօղլու Քաւաֆիսի «Ենիգիւղ» խորագրեալ գործը ասմունքեց։ Ալիսիա Քափուտաղն ալ հանդէս եկաւ կատարումներով՝ բանաստեղծի երեք գործերու հիման վրայ յօրինուած։

Աւելի վերջ յայտագիրը շարունակուեցաւ՝ տեսողական արուեստներու ուղղութեամբ եւ այս փուլին եւս Քաւաֆիսի ոգեկոչման իմաստը ա՛լ աւելի բիւրեղացաւ յաչս ներկաներուն։ Ծրագրի այս փուլը վարեց Քոռնիլիա Ցեւիք Պայվերտեան։ Ատենախօսներու շարքին էին նկարչուհի Օլկա Ալեքսոփուլու, ինչպէս նաեւ թրքահայ համայնքէն Գրիգոր Սահակօղլու եւ յոյն մտաւորական Եորկոս Քեւրեքիտիս։ Ատենախօսները բանաստեղծ Քաւաֆիսի ժառանգութիւնը մեկնաբանեցին զանազան երեսակներով։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին Նիքօ Քալամարիս բոլոր մասնակիցներուն շնորհակալութիւն յայտնեց, մինչ Լաքի Վինկասն ալ սրտի խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ որպէս այս ձեռնարկի գլխաւոր կազմակերպիչը։

Հարկ է նշել, որ բանաստեղծ Քաւաֆիսի ծննդեան օրն է ապրիլի 29-ը եւ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին հիման վրայ՝ այդ թուականին Ենիգիւղի յոյն ուղղափառ եկեղեցիէն ներս տեղի կ՚ունենան ոգեկոչման ձեռնարկներ։ Յունական արդի բանաստեղծութեան տիրական անուններէն մին է Քաւաֆիս, որու գործերը ներշնչանքի աղբիւր կը շարունակեն դառնալ բոլորին համար՝ մանաւանդ, որ ան լայն ծանօթութիւն ունի նաեւ Թուրքիոյ մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2024