ԲՈԼՈՐԸ…

Իշխանութիւններու հրահանգները կատարողները կ՚ըլլան երկու տեսակ՝ «եռանդով» ու «առանց եռանդի»: Վերջիններս կ՚իրականացնեն իրենցմէ պահանջուած չարագործութիւնները (օրինակ, կը ջարդեն ցուցարարներու գլուխները կամ ազատազրկման որոշումներ կը կայացնեն իշխանութիւններու ընդդիմախօսներուն դէմ) տեսակ մը չուզելով՝ իրենց ամբողջ տեսքով ցոյց տալով, որ ընտանիք կը պահեն, որ իրենց տեղը այդ բանը բոլորը կ՚ընէր եւ այլն:

Բայց կան նաեւ այնպիսիք, որոնց աչքերուն մէջ կայ որոշակի սատիսթական փայլ մը. մարդիկ, որոնք իրենց բռնութիւններն ու ապօրինութիւնները կը կատարեն տեսակ մը վայրենի խանդավառութեամբ (այդ բառակապակցութիւնը ինձ վերջերս յուշեց իմ բարեկամներէն մին):

Այդ առիթով յիշեցի Գրիգոր Ամալեանը: Թէեւ անձնապէս անոր դէմ ոչինչ ունիմ եւ հիմա շատերը դժուար թէ զինք յիշեն, բայց ինձ համար ան կը շարունակէ մնալ խորհրդանշան: Աւելի քան 20 տարի առաջ այն ժամանակուայ Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի ազգային յանձնաժողովի նախագահը ակնյայտօրէն «հաճոյք կը զգար», կը հպարտանար, որ նախագահի հրահանգով լրատուամիջոց կ՚եթերազրկէ:

Ազգային, պետական մակարդակով այն, ինչ որ կ՚ընէին Հայաստանի բոլոր նախորդ իշխանութիւնները, համեմատութեան որեւէ եզր չունի այն աղէտին հետ, այն պատուհասին հետ, որ մեր գլխուն բերած են ու կը շարունակեն բերել այսօրուանները:

Բայց տեղական մակարդակով, գործելակերպի առումով առանձին տարբերութիւններ չեմ տեսներ: Նոյն Շմայսերն ու Թոխմախի Մհերները խորհրդարանի մէջ, իշխանաւորներու եւ մեծահարուստներու նոյն մեծամիտ ու արհամարհական վերաբերմունքը լրագրողներու դէմ: Նոյն հլու-հնազանդ դատաւորները, որոնք կը կայացնեն քաղաքական ղեկավարութեան որոշումները: Ոստիկաններու նոյն բռնութիւնները ցուցարարներու դէմ՝ իշխանափոխութենէն յետոյ նոր Լեւոն-Երանոսեաններ ի յայտ եկած են։ Նոյն «անյայտ» բռնարարները, որոնք կը խոշտանգեն իշխանութեան ընդդիմախօսը: Լրագրողներու աշխատանքը խոչընդոտելու նոյն բիրտ փորձերը:

Միակ տարբերութիւնը այն է, որ «վայրենի էնթիւզիաստներու» թիւը շատցած է: Հաւանաբար, այն պատճառով, որ այժմ «ժողովուրդի իշխանութիւնն է»:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024