Ուրբաթ 16, Մայիս 2025
ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ԿՈՂՄՆԱԿԻՑ ՉԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ խումբ մը խորհրդարանականներու հետ քննարկած է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու խնդիրը։ Սպիտակ տան երդիքին տակ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ ծերակուտականները ընդհանրապէս պաշտպանած են Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու սահմանումը՝ «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու հարցին բերումով։
«The Washington Post» թերթի հաղորդումներով, Տանըլտ Թրամփ հանդիպման ընթացքին պաշտպանած է Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններ վարելու տեսակէտը՝ խիստ պատժամիջոցներ սահմանելու փոխարէն։
Հինգշաբթի, Յուլիս 25, 2019