ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՀ
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը կը շարունակէ բնորոշել միջազգային օրակարգը։ Ռազմաճակատի վրայ վերջին օրերուն, ընդհանրապէս, կը տիրէ անորոշութիւն։ Սա վտանգաւոր պահ մը կը համարուի, որովհետեւ պատերազմական իրավիճակներու մէջ անորոշութիւնները կրնան յղի ըլլալ ծայրայեղութիւններու։ Միջազգային բոլոր աղբիւրները կը հաղորդեն, որ ներկայիս թէ՛ Մոսկուա եւ թէ Քիեւ չեն յաջողիր հասնիլ իրենց նպատակներուն։
Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի միջեւ տեղի ունեցաւ հերթական հեռախօսազրոյցը։ Ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած տեսակցութիւնը տեւեց շուրջ ժամ մը։ Երկու նախագահները շարունակեցին շօշափել հրադադարի մը հաստատման հնարաւորութիւնը։
Այսօր Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է ՆԱԹՕ-ի արտահերթ գագաթաժողովը, որու օրակարգին վրայ կը գտնուի այս տագնապը։ Գագաթաժողովին առթիւ Եւրոպա անցած է նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն։ Գագաթաժողովին կը մասնակցի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Դաշնակիցներուն հետ խորհրդակցելէ վերջ, կը նախատեսուի նաեւ, որ Ճօ Պայտըն նոր պատժամիջոցներ յայտարարէ Ռուսաստանի դէմ։
Անգարա կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Մոսկուա-Քիեւ առկայ տագնապին։ Նախագահ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութթէն, որու հետ եւս առաջնահերթօրէն շօշափեց այս պատերազմին ընթացքը։
Բանակցութիւններուն յաջորդած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նախագահ Էրտողան յայտարարեց, որ միակ ելքի ճանապարհը դիւանագիտութիւնն է։ Իր խօսքով՝ Ուքրայնայէ ներս մարդասիրական ողբերգութիւնը կը շարունակէ ծաւալիլ։ Իր կարգին, վարչապետ Ռութթէն ալ յայտնեց, որ ՆԱԹՕ-ի տեսակէտէ Թուրքիա շատ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ քաղաքական ու ռազմական առումով։