Երեքշաբթի 29, Ապրիլ 2025
ՊԵԼԺԻԱ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ԵՂԵՌՆԸ
Պելժիոյ խորհրդարանը երէկ սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի քննարկումներուն։ Վարչապետ Շարլ Միշէլ ընդգծեց, որ 1915-17 թուականներուն տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները պէտք է ճանչցուին որպէս ցեղասպանութիւն։ Ան յանուն կառավարութեան Օսմանեան կայսրութեան տարածքին դար մը առաջ իթթիհատական վարչակարգի դէպքերը որակեց ցեղասպանութիւն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանը կը հաղորդէ, որ Պելժիոյ խորհրդարանին մէջ կան նաեւ թուրք պատգամաւորներ, որոնք կողմ արտայայտուած են այս բանաձեւին։ Հարկ է յիշեցնել, որ Պելժիոյ ծերակոյտը 1998-ին արդէն ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015