Կիրակի 4, Մայիս 2025
ՄԵՂԱԴՐԱԿԱՆԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձի հարցաքննութեան շրջագծով Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը երէկ ի վերջոյ հաստատեց այն մեղադրականը, որ նախապէս երկու անգամ վերադարձուած էր։ Դատախազ Կէօքալփ Քէօքճիւի կողմէ պատրաստուած այս ամբաստանագիրը կը վերաբերի հանրային պաշտօնեաներու ունեցած դերակատարութեան։
Այս մեղադրականը ուղարկուեցաւ Իսթանպուլի 14-րդ պատժական ատեանը, որ կը քննէ ծանր յանցագործութիւնները։ Դատախազը պահանջած է, որ սոյն մեղադրականը միացուի բուն դատավարութեան։ Դատարանը տասնհինգ օրուան ընթացքին պիտի տայ համապատասխան որոշումը։
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2015