ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ
Երէկ, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 31-րդ նստաշրջանը։ Աշխարհի շուրջ վաթսուն երկիրներէն արտաքին գործոց նախարարներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ ներկայ գտնուեցան այս նստաշրջանին, որու մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան Ժընեւի մէջ առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց գերագոյն յանձնակատար Զէիտ Ռաատ Էլ Հիւսէյինի հետ։ Նստաշրջանին ընթացքին Եդուարդ Նալպանտեան հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը, որու ընթացքին կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ.
«Այս տարի կը լրանայ Մարդու իրաւանց ոլորտէն ներս միջազգային դաշնագրերու ընդունման յիսնամեակը։ Զոյգ դաշնագրերու առաջին յօդուածին մէջ նշուած է. «Բոլոր ժողովուրդները ունին ինքնորոշման իրաւունք։ Այդ իրաւունքին ուժով անոնք ազատօրէն կ՚որոշեն իրենց քաղաքական կարգավիճակը եւ կ՚ապահովեն իրենց տնտեսական, ընկերային ու մշակութային զարգացումը»։ Յայտնի է, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը կը դիտարկէ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքը՝ որպէս այդ կազմակերպութեան նպատակ։ Այդ իրաւունքը ներառնուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ միջազգային միջնորդներուն կողմէ ներկայացուած հիմնարար սկզբունքներուն մէջ։ Հայաստան լիովին կը բաժնէ այդ մօտեցումը, որովհետեւ, ըստ էութեան, առանց այդ իրաւունքի ազատ եւ լիարժէք իրականացման, մարդու իրաւունքներու ամբողջ շարք մը կը դառնայ անհասանելի, իսկ տեւական խաղաղութիւնը վտանգուած։ Մենք համամիտ ենք ՄԱԿ-ի մօտ արտայայտուած այն տեսակէտին, թէ ինքնորոշումը ժողովրդավարութեան դրսեւորումն է, իսկ անոր իրականացումը էական դեր կը խաղայ խաղաղութեան վրայ հիմնուած միջազգային կարգ հաստատելու գործին մէջ»։
Ուստի, Նալպանտեան ընդգծեց, որ Հայաստան կը շարունակէ իր ջանքերը՝ ուղղուած ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խթանման՝ շարունակելով համապատասխան միջազգային կառոյցներու հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։ Բաց աստի, Ժընեւի մէջ Նալպանտեան մատնանշեց, որ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդու իրաւունքները, խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնը փոխկապակցուած են։ «Այսօր աշխարհ յայտնուած է աննախադէպ սպառնալիքներու առջեւ։ Մենք կը բախինք ատելութեան, այլատեացութեան եւ ցեղային խտրականութեան աճի, կը բախինք այնպիսի իրավիճակներու, երբ լրջօրէն վտանգուած է մարդու կեանքի իրաւունքը, որովհետեւ պատերազմները եւ զանգուածային բռնութիւնները կը շարունակեն հազարաւոր անմեղ մարդկային կեանքեր խլել ամբողջ աշխարհի մէջ», ըսաւ Նալպանտեան։
Անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքէ ներս առկայ զարգացումներուն՝ նախարարը մատնանշեց. «Հայաստան կը դատապարտէ իր անմիջական հարեւանութեամբ գտնուող տարածքաշրջանէն ներս՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»), «Էլ Նուսրա»ի եւ ահաբեկչական այլ խմբաւորումներուն կողմէ իրականացուող բարբարոսութիւնները, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները, որոնք սպառնալիք կը ներկայացնեն տարածքաշրջանէն ներս կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու գոյութեան համար, ներառեալ հայերը, որոնք դարեր շարունակ եղած են Մերձաւոր Արեւելքի մշակութային բազմազանութեան բաղադրիչը։ Հակամարտութեան հետեւանքով շուրջ 20 հազար փախստականներ ապաստան գտած են Հայաստանի մէջ՝ մեր երկիրը դարձնելով բնակչութեան թիւի յարաբերակցութեամբ սուրիացի փախստականներ ընդունող ամենամեծ երրորդ պետութիւնը Եւրոպայի մէջ։ Մենք կ՚ողջունենք սուրիացի փախստականները ընդունելու ուղիներուն շուրջ համընդհանուր պատասխանատուութիւնը բաժնելու վերաբերեալ բարձր մակարդակով հանդիպում մը գումարելու նախաձեռնութիւնը, ինչ որ Մարտ ամսուան վերջաւորութեան տեղի կ՚ունենայ Ժընեւի մէջ»։
ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐ ՄՏԱՀՈԳ
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր ՄԱԿ-ի ամպիոնէն անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման անհրաժեշտութեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին գերմանացի նախարարը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ խօսելով մտահոգութիւն յայտնեց այն միջադէպերուն առընչութեամբ, որոնք տեղի կ՚ունենան հայ եւ ազէրի զօրքերու շփման գծին վրայ։ Ան ըսաւ.
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին մէջ մենք մտահոգուած ենք շփման գծին վրայ եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով մահացու պատահարներու մեծ թիւին առընչութեամբ։ Անհրաժեշտ է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս աւելի թափ ստանան մեր ջանքերը։ Մենք պէտք է շուտով գտնենք զոհերու թիւը նուազեցնելու ճանապարհը։ Մենք պէտք չէ յուսահատինք եւ հակամարտութեան տեւական կարգաւորումը գտնենք՝ ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ»։
Միեւնոյն ժամանակ, Շթայնմայէր դէմ արտայայտուեցաւ հակամարտութիւններու պարագային օգտագործուած սառեցեալ կամ ձգձգուած պիտակաւորումներուն համար։ Ան համոզուած է, որ պէտք չէ հետեւիլ այսպիսի ճակատագրապաշտութեան։
«Երկար տարիներ այս հակամարտութիւնները դժուարութիւններ բերած են անոնցմէ տուժած մարդկանց ու պատճառ դարձած են անոնց ներգրաւուած տարածքաշրջաններու յետընթացին։ ԵԱՀԿ-ի մօտ մեր նախագահութեան ընթացքին կը փափաքինք ամէն տեսակ ջանքը վերածել աւելի շինիչ մօտեցման՝ կայունացնելու համար հրադադարի դրութիւնները, վերակառուցելով վստահութեան փոքր, բայց զգալի քայլեր», եզրակացուց Շթայնմայէր։